44-օրեայ պատերազմին հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովին եզրակացութիւնը պատրաստ է, յանձնաժողովը աւարտած է իր աշխատանքը:
Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով յայտարարած է յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը՝ նշելով, որ Հոկտեմբերին ինք նամակով պիտի դիմէ խորհրդարանի նախագահին՝ դռնփակ նիստ հրաւիրելու համար, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի յանձնաժողովին զեկոյցը:
Քոչարեանի խօսքով՝ հանրութիւնը պիտի կարենայ ծանօթանալ միայն այդ ելոյթի հատուածներուն, այլ ոչ թէ զեկոյցի ամբողջական բնագրին, քանի որ այն գաղտնի տեղեկատուութիւն կը պարունակէ։
Ըստ անոր՝ պատերազմի պատճառներուն մասին լուրջ քննութիւն իրականացուած է, որուն ընթացքին ուսումնասիրուած են տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթեր։ Քոչարեանը յաւելած է՝ պարտութեան պատճառները «բազմաբնոյթ են ու բազմաշերտ»։
Հարցազրոյցի ժամանակ Քոչարեան ըսաւ, որ քատրային լուրջ փոփոխութիւններու ենթարկուած է պաշտպանական գերատեսչութիւնը:
«Այսօրուայ ընդդիմութիւնն ասում է՝ մեր փառապանծ զօրավարներին հանեցին, տեղը չգիտես՝ ում բերեցին: Տեղը բերեցին հրաշալի կրթութիւն ստացած երիտասարդ զինուորականների, որպէս կանոն՝ գնդապետի ուսադիրներով, որոնք, լինելով երիտասարդ, նաեւ անցած ուղի ունեն, ինչն այսօր նպաստում է մեր բանակի ցանկալի արդիւնքների արձանագրմանը»,- նշեց Քոչարեան:
Ըստ Անդրանիկ Քոչարեանի՝ Ատրպէյճանը աւելի շատ անհանգստացած է ՀՀ յաջողութիւններով, քան մենք կ’ուրախանանք:
«Ատրպէյճանի վերջին յայտարարութիւններն են՝ ՀՀ-ին զրկել որակեալ սպառազինութիւն ունենալու հնարաւորութիւնից, որովհետեւ իրենք էլ տեղեկացուած են, որ Հայաստանը դատարկ տեղը չի նստած: Պաշտպանական գերատեսչութիւնն ամէն օր խնդիրներ է լուծում, որոնք կուտակուել էին նախկինից:
«Մի դրուագ եմ ասում 44-օրեայ պատերազմից, որը մեր անյաջողութեան հիմնական պատճառներից մէկն էր: Հետեւից եկող պատրաստուած պահեստը չկար, թղթի վրայ էր, առաջնագծի էն կառոյցները չկային, որոնք որ ունենք, որպէսզի հակառակորդը չկարողանայ ճեղքի: Երբ որ ասում եմ, Սէյրան Օհանեանը վատ է զգում իրեն: Ես մի անգամ ասի՝ դու վատ մի զգայ քեզ. այդ հնարաւորութիւնը չեն տուել նախկին իշխանութիւնները»,- նշեց Քոչարեան: