Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մխիթար Հայրապետեանը Այցելած Է Անօդաչու Համակարգեր Արտադրող Ընկերութիւն

Մխիթար Հայրապետեանը Այցելած Է Անօդաչու Համակարգեր Արտադրող Ընկերութիւն

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելած է հերթական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւն, որ կը զբաղի անօդաչու համակարգերու մշակմամբ եւ արտադրութեամբ։

Ընկերութեան ղեկավարին ուղեկցութեամբ, նախարարը շրջայց կատարած է տարածքին մէջ, ծանօթացած է ընկերութեան արտադրանքին եւ ծառայութիւններուն, հեռանկարային ծրագրերուն։

Ներկայացուած արտադրատեսականին կը ներառէ ԱԹՍ-ներու եւ բաղկացուցիչ մասերու մշակում, ԱԹՍ-ներու արտադրութիւն եւ սպասարկում, ԱԹՍ ներկառավարման համակարգերու մշակում, ծրագրային ապահովում, մետաղական մասերու, բաղադրեալ նիւթերու մշակում։

Ընկերութեան ղեկավարը, ներկայացնելով սարքերը, ընդգծած է, որ արհեստագիտութիւններէն որոշները կ’աշխատին մեքենայական ուսուցման ներդրմամբ՝ հնարաւորութիւն տալով շուկային մէջ պահելու եզակիութիւնը՝ ապահովելով օգտագործման լայն հնարաւորութիւններ:

Նախարար Հայրապետեան ընդգծած է ռազմական սարքերու սեփական արտադրութիւն ունենալու կարեւորութիւնը, անոնց մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդնումը: Այդ ծիրին մէջ նախարարը ընդգծած է ոլորտին հանդէպ պետութեան առանձնայատուկ ուշադրութիւնը եւ յայտնած է պատրաստակամութիւն ինչպէս իրավիճակային գործնական քայլերու, այնպէս ալ համակարգային լուծումներով առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ ոլորտային զարգացում ապահովելու նպատակով:

Հանդիպման շնորհիւ ձեռք բերուած են շարք մը համաձայնություններ՝ խնդիրները արդիւնաւէտ ճանապարհով լուծելու եւ համագործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment