Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը, որ կ’աշխատի հայ-ատրպէյճանական սահմանին, դիտորդութեան անուան տակ կը զբաղի հետախուզական տուեալներու հաւաքագրմամբ՝ հակազդելու Ռուսաստանին, Ատրպէյճանին եւ Իրանին։
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:
«Շատ վտանգներ, որոնց կը բախի Հայաստանը, կարելի էր կասեցնել, եթէ 2022թ. Սեպտեմբերին Երեւանը համաձայնէր իրացնել ՀԱՊԿ գծով միջոցառումներու համալիրը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակի կայունացման։ Խօսքը լուրջ նախաձեռնութիւններու մասին էր, որոնք կը ներառէին ռազմատեխնիկական օգնութիւն, դիտորդական առաքելութեան ուղղորդում, սահմանապահ զօրքերու ուսուցման աջակցութիւն։
Ցաւօք, ՀՀ ղեկավարութիւնը նախընտրեց ԵՄ առաքելութիւնը հրաւիրել, որ որեւէ կերպ չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ կը զբաղի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի դէմ հետախուզական տուեալներ հաւաքագրելով։ Հարաւային Կովկասի ճակատագիրը պէտք է որոշեն բացառապէս տարածաշրջանի երկիրները եւ հարեւան գործընկեր պետութիւնները: Դուրսէն ոչ ոք խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կը բերէ մեր ընդհանուր տուն»,- ըսած է Քոփիրքինը։
Դեսպանը յաւելած է, որ Ռուսաստանը երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին մէջ «ազնիւ միջնորդի» իր դերէն։ Քոփիրքինի հաւաստմամբ՝ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համահունչ՝ Մոսկուան յաջողութեամբ հարթակ տրամադրած է Խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններուն համար եւ պատրաստ է ատիկա ընելու ապագային։