Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ յարուցուած շինծու քրէական գործին նախաքննութիւնը աւարտած է, նիւթերը յառաջիկային պիտի ներկայացուին դատարան։
NEWS.ru-ի հետ զրոյցին, Ատրպէյճջանի գլխաւոր դատախազ Քյամրան Ալիեւ յայտնած է, որ հիմա քրէական գործին նախաքննութիւնը աւարտած է, այս պահին գործի նիւթերուն «կը ծանօթանան ինչպէս մեղադրեալները, այնպէս ալ տուժածները»։
«Այս բոլոր քննչական միջոցառումները իրականացնելէ յետոյ գործը պիտի ուղարկուի դատարան՝ ըստ էութեան քննութեան՝ միջազգային չափանիշերուն եւ Ատրպէյճանի քրէական իրաւունքին համապատասխան»,- ըսած է Ալիեւ։
Ատրպէյճանը կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիի առկայութիւնը: Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող անձերու շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահները՝ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, ԱԺ նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Դաւիթ Իշխանեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, որոնց Ատրպէյճանը ապօրինի ձերբակալած եւ կեղծ մեղադրանքներ առաջադրած է 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական յարձակումէն յետոյ։