Քաղաքագէտ Էտկար Առաքելեանը Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման հրամանագիրը ստորագրած Սամուէլ Շահրամանեանի «եռաբլուր» այցելութիւնը պղծութիւն եւ անարգանք կը համարէ այնտեղ յուղարկաւորուած զոհերու յիշատակին հանդէպ:
Վերջինս կը կարծէ, որ Շահրամանեանի եւ «ղարաբաղեան կլանի» գործունէութիւնը ուղղուած եղած է Հայաստանի մէջ պետականութեան չէզոքացման՝ հակառակ Շահրամանեանի այն պնդումներուն, թէ ԼՂ լուծարման փաստաթուղթը ստորագրած են, քանի որ իրենց համար առաջնահերթութիւն եղած է ՀՀ անվտանգութիւնը:
«Շահրամանեանը, որը պալատական յեղաշրջման արդիւնքում ղեկավարել է Արցախը, իրաւունք չունի խօսել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան մասին, քանի որ իր ստորագրութիւնն է դրուած այն փաստաթղթի տակ, որով լուծարուել է Արցախը»,- «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին կ’ըսէ Առաքելեանը:
«Եւ այդ Շահրամանեան նախագահը, որն այսօր յոխորտում է, թէ Արցախը հետ կը բերեն, հէնց Արցախում չկարողացաւ պահպանել Արցախը, ընդհակառակը՝ նպաստեց դրա կորստին, հայաթափմանը եւ ցեղային զտմանը, իսկ ինքը շատ ապահով կարողացաւ գալ ՀՀ՝ ի տարբերութիւն Արցախի միւս նախկին նախագահների, որոնք առաջին արցախեան պատերազմում ունեցել են որոշակի դերակատարում: Այստեղ էլ են հարցեր առաջանում, թէ ինչպէ՞ս ստացուեց, որ բոլորին ձերբակալեցին, բայց Շահրամանեանին ռուսական ուղղաթիռով հասցրին Հայաստան: Ընդհանրապէս Շահրամանեանի հետագիծը Արցախի պատմութեան վերջին ժամանակահատուածում բաւականին կասկածներ է յարուցում, եւ կան շատ հարցեր, որոնք պէտք է բարձրաձայնել, եւ կարծում եմ՝ այդ հարցերին նաեւ պէտք է տրուեն քրէաիրաւական գնահատականներ: Այսօր Շահրամանեանը եւ «շահրամանեանները» ոչ թէ պէտք է գնային «եռաբլուր», այլ համապատասխան վայրերում ցուցմունք տային, թէ ինչպէս ստացուեց, որ այդպէս եղաւ»,- կ’ըսէ քաղաքագէտը:
Ինչ կը վերաբերի ՀՀ իշխանութիւններուն ուղղուած՝ ԼՂ նախկին ղեկավարութեան ամենատարբեր պահանջներուն՝ արցախահայութեան վերադարձի, վերադարձի հարցի միջազգայնացման առումով, Առաքելեան կը կարծէ, որ անոնք իրականութեան մէջ միտուած են Հայաստանին հերթական բախման մէջ ներքաշելուն: