Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԴ Դատաւոր Հրայր Թովմասեանը Ներկայացաւ Դատարան

ՍԴ Դատաւոր Հրայր Թովմասեանը Ներկայացաւ Դատարան

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանը ներկայացաւ դատարան։

Դատարանը որոշում կայացուցած էր բերման ենթարկել զայն այսօրուայ նիստին, նշելով որ ՍԴ դատաւորը անհարկի կը ձգձգէ դատավարութիւնը։

Լրագրողներու հետ զրոյցին Հրայր Թովմասեան ըսաւ որ սպասած, սպասած է, որ բերման ենթարկեն, սակայն, ինչպէս կ’երեւի, բերման չեն ենթարկած, եկած է։

Մինչեւ դատական նիստի մեկնարկը Հրայր Թովմասեանը փորձեց յայտարարութեամբ հանդէս գալ, սակայն դատարանը թոյլ չտուաւ։ Պաշտպանական ճառով հանդէս եկաւ անոր պաշտպան Արամ Օրբելեանը։ Դատաւորը երեք ժամ անոր յատկացուցած է՝ ելոյթի համար։

Դատախազութիւնը 7 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է Թովմասեանին համար։ Դեկտեմբերին կը լրանայ այս գործով վաղեմութեան ժամկէտը։

Պաշտօնական լիազօրութիւնները անցընելու համար մեղադրուող Թովմասեանը այս քրէական գործին մասին խօսած է տարիներ առաջ՝ լրագրողներուն ըսած էր, որ այս գործը ոչ թէ իրաւական, այլ՝ քաղաքական է։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment