Հրապարակուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը։ Զայն վաւերացնելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան յառաջիկայ նիստի օրակարգին վրայ, որպէս առաջին զեկուցուող հարց։
Կառավարութեան կողմէ հաստատուելէ յետոյ փաստաթուղթը պէտք է ներկայացուի ՍԴ՝ սահմանադրականութիւնը որոշելու համար։ Միայն ՍԴ որոշումէն յետոյ կանոնակարգը պէտք է ներկայացուի Ազգային Ժողով եւ վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ։
Փաստաթուղթը պէտք է վաւերացուի նաեւ Ատրպէյճանի մէջ։
Նշենք, որ յանձնաժողովներու կանոնակարգը ընդգրկուած է կառավարութեան՝ Սեպտեմբեր 5-ին կայանալիք նիստին։