Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաքլի Քոպախիձէն Եւ Սուրէն Պապիկեանը Ընդգծած Են Տարածաշրջանին Մէջ Երկարատեւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Կարեւորութիւնը

Իրաքլի Քոպախիձէն Եւ Սուրէն Պապիկեանը Ընդգծած Են Տարածաշրջանին Մէջ Երկարատեւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Կարեւորութիւնը

by MassisPost

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբերի 2-ին հանդիպած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեանը։

Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած են Հայաստան-Վրաստան ռազմավարական յարաբերութիւնները, ընդգծուած է բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու միջեւ պարբերական շփումներու արդիւնաւէտութիւնը:

Վրաստանի վարչապետը ողջունած է պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան զարգացումն ու իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է այդ գործընթացին:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան փոխադարձաբար կարեւորած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան զարգացումը, փոխանցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնները:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը:

Վրացական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment