Այսօր Գիտելիքու եւ դպրութեան օրն է։ Նոր ուսումնական տարին Հայաստանի մէջ մեկնարկած է Սեպտեմբեր 2-էն։
Հանրակրթական դպրոցներուն մէջ, նախնական տուեալներով, պիտի յաճախէ 409 հազար 996 աշակերտ։
Օգոստոս 30-ի դրութեամբ առաջին դասարանցիներու ընդունելութեան ելեկտրոնային համակարգին մէջ (ոչ-պետական դպրոցներուն մէջ յայտագրումը այս համակարգին միջոցով չ’իրականացուիր) յայտագրուած է 34 հազար 780 առաջին դասարանցի, յայտնած են ԿԳՄՄ նախարարութենէն՝ յաւելելով, որ դպրոցներու համալրման գործընթացի բերումով այս թիւը փոփոխութեան կ’ենթարկուի։