Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին (ԿԽՄԿ) համապատասխան ընտանիքներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մեկնարկէն մինչեւ հիմա հայկական կողմէն անհետ կորսուած կը համարուի շուրջ 1000 մարդ, որոնցմէ շուրջ 700-ը՝ 90-ականներէն, իսկ մօտաւորապէս 300-ը՝ 2020-2023 թուականներու ռազմական գործողութիւններէն յետոյ։
Օգոստոս 29-ին Վանաձոր քաղաքին մէջ կայացած «Անյայտ կորսուածներու միջազգային օրուան» նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի ժամանակ լրագրողների հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:
Անդրադառնալով հարցումին, թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, երբ ծնողները համաձայն չեն ըլլար DNA հետազօտութեան արդիւնքներուն հետ եւ չեն ընդունիր իրենց որդիներուն զոհուելու հանգամանքը ու կը դիմեն ԿԽՄԿ՝ զանոնք որպէս անհետ կորսուած արձանագրելու համար, Ամատունին նշեց, որ շատ կարեւոր է հասկնալ իրական, առարկայական պատճառը, թէ ինչո՞ւ ընտանիքները չեն ընդունիր արդիւնքները։
«Այստեղ մենք գործ ունենք ինչպէս ընտանիքների, այնպէս էլ պատկան մարմինների հետ, որոնք պատասխանատու են ընտանիքներին հասցնել այդ հարցերի պատասխանները, որպէսզի կարողանանք պատկան մարմինների հետ աշխատելով եւ իրավիճակը պարզաբանելով՝ աջակցել նրանց աւելի արհեստավարժ գործել եւ հետագայում փոքրացնել նման դէպքերի թիւը», – ըսաւ Ամատունին՝ շեշտելով, որ խօսքը կրնայ վերաբերիլ ինչպէս ռազմական սրացումներուն, այնպէս ալ տարերային աղէտներու հետեւանքներուն, ուստի շատ կարեւոր է, որ նման հաստատութիւնները կարենան լիարժէք կազմակերպել իրենց աշխատանքը։
ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը վերահաստատեց, որ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կ’այցելեն բոլոր այն անձերուն, որոնց գերութեան մէջ գտնուիլը հաստատած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։
«Ընտանիքներն առաջինն են իմանում այցելութիւնների մասին։ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչներն այցելում են գերիներին՝ անկախ կարգավիճակից։ Այցելում ենք բոլոր անձանց, որոնց գերութեան մէջ գտնուելը հաստատել են իշխանութիւնները։ Սակայն մեր կազմակերպութիւնը չի տեղեկացնում այցելուող անձանց թուի մասին»,- յիշեցուց Զառա Ամատունին։
Պատասխանելով հարցումին, թէ որոնողական աշխատանքներուն հետ կապուած ԿԽՄԿ-ն կը բանակցի՞ արդեօք ատրպէյճանական կողմին հետ, Զառա Ամատունին նշեց, որ կազմակերպութիւնը` որպէս մարդասիրական ու չէզոք միջնորդ, այդ բանակցութիւններուն մէջ դերակատարում չունի, սակայն երկխօսութեան միջոցով մշտապէս կը փորձէ հարցը պահել իշխանութիւններուն, պատկան մարմիններուն ուշադրութեան կեդրոնին:
«Որոնողական կամ նոյնականացման աշխատանքների մասին, որոնք կարող են որոշակի դէպքերում պատասխաններ տալ որոշակի թուով ընտանիքիների, այս պահին մենք չենք կարող խօսել, սակայն մենք պատրաստակամ ենք դրանց աջակցել»,- շեշտեց Ամատունին՝ յաւելելով, որ որոշակի առաջընթաց արձանագրելու համար կարեւոր է այդ հարցով կողմերուն քաղաքական կամքը։
Մինչեւ հիմա Ատրպէյճանը պաշտօնապէս հաստատած է 23 հայի գերեվարման փաստը, որոնցմէ 17-ը գերեվարուած են 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումէն յետոյ։ Անոնց շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։