Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Ռուսաստանի Դէմ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ. Ատրպէյճանի Մէջ ՌԴ Դեսպան

Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Ռուսաստանի Դէմ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ. Ատրպէյճանի Մէջ ՌԴ Դեսպան

by MassisPost

Փաստացի, Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը հետախուզական տուեալներ կը հաւաքէ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ:

Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Եվտոքիմովը։

«Ուաշինկթընը եւ անոր դաշնակիցները պատրաստ են ձեռնարկելու որեւէ քայլ, ներառեալ Ռուսաստանի շուրջ հակամարտութիւններու օճախներ հրահրելը, ինչպիսին է Քիեւի վարչակարգը, նման միջամտութեան օրինակներէն մէկն է ԵՄ ներկայիս դիտորդական առաքելութիւնը՝ ներգրաւուած որպէս «փորձագէտներ»: Այն փաստացի «վերածուած է ՆԱԹՕ-ի գործողութեան՝ կասկածելի նպատակներով: Այն փաստը, որ առաքելութիւնը արեւմտեան հիպրիտային պատերազմի գործիք է, կը հաստատէ անոր գաղտնիութիւնը եւ Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան բացակայութիւնը: Փաստօրէն, ան հետախուզական տեղեկատուութիւն կը հաւաքէ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ»,- ըսած է Ռուսաստանի դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment