Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանովը եւ Եաշար Կիւլերը բանակցություններ վարած են Անքարայի մէջ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ՝ քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
«Ատրպէյճանն ու Թուրքիան երկու պետութիւն են եւ մէկ ազգ՝ իրարու հետ կապուած պատմամշակութային կապերով։ Ատրպէյճանի ուժը մեր ուժն է, Թուրքիոյ ուժը Ատրպէյճանի ուժն է. Թուրքիան միշտ աջակցած է Ատրպէյճանին, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ»,- ըսած է Կիւլեր։