Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Որոշեց Բերման Ենթարկել ՍԴ Դատաւոր Հրայր Թովմասեանը

Դատարանը Որոշեց Բերման Ենթարկել ՍԴ Դատաւոր Հրայր Թովմասեանը

by MassisPost

Դատարանը որոշեց բերման ենթարկել Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանը Երկուշաբթի՝ Սեպտեմբեր 2-ին կայանալիք նիստին։ Դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանը ոստիկանութեան յանձնարարեց կատարել որոշումը։

Դատարանը յայտարարեց, որ Հրայր Թովմասեանը անհարկի կը ձգձգէ դատավարութիւնը, կը չարաշահէ իր իրաւունքները, թէեւ դատաւորի բարձր կարգավիճակ ունի։

Դատաւորը եզրակացուց, որ ամբաստանեալ Թովմասեանը կը խուսափի քրէական վարոյթին մասնակցելէ։

Դատախազութիւնը 7 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է Թովմասեանի համար։ Դեկտեմբերին կը լրանայ այս գործով վաղեմութեան ժամկէտը, ու չնայած ծանր մեղադրանքներուն՝ մեղաւոր ճանչցուելու պարագային եթէ նոյնիսկ բարձր դատարանի դատաւորը չբանտարկուի, ըստ Դատախազութեան, կը կորսնցնէ պաշտօնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment