Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Կարեւորէ Ուրուկուէյի Հետ Համագործակցութեան Զարգացումը Եւ Ամրապնդումը. Փաշինեան Հիւրընկալած Է Անա Օլիվերան

Հայաստանը Կը Կարեւորէ Ուրուկուէյի Հետ Համագործակցութեան Զարգացումը Եւ Ամրապնդումը. Փաշինեան Հիւրընկալած Է Անա Օլիվերան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող՝ Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերան եւ Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահ Փետրօ Խիստոնյանին:

Վարչապետը ողջունած է Ուրուկուէյի Օրէնսդիր մարմինի ղեկավարութեան այցը Հայաստան եւ ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու փաստը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Ուրուկուէյը դժուարին իրավիճակներու մէջ մշտապէս եղած է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կողքին, եւ մեր երկիրը կը կարեւորէ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը:

Վարչապետին խօսքով՝ վերջին տարիներու բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները կը վկայեն փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու երկկողմ քաղաքական կամքի մասին: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է միջազգային հարթակներու վրայ միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կապերու խորացումը տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի ոլորտներուն մէջ:

Անա Օլիվերան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ յաւելելով, որ Ուրուկուէյը ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը կարեւորած է բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով՝ յաւելելով, որ խորհրդարանական համագործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ուրուկուէյ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներուն, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովման ՀՀ կառավարութեան ծրագրին եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment