ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Կեանքի ճանապարհիդ ընթացքին կը հանդիպիս անթիւ մարդոց, բայց սակաւաթիւ են անոնք, որոնք կը տպաւորեն քեզ ու այդ հանդիպումը կը յանգի ընկերական ու բարեկամական կապերու հաստատման: Ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել այս երեւոյթը: Վստահաբար աշխարհայեացքի, մտածելակերպի եւ զգացումներու զուգորդութեան յայտնաբերում մը կը կատարուի, որ կը մղէ քեզ խորացնելու կապդ այդ անձին հետ:
Այդպիսին եղաւ իմ հանդիպումը Զաւէն Խանճեանի հետ, Դեկտեմբեր 31, 1977-ին, Սէուտկան Արաբիոյ Ալխոպար քաղաքի իր տան մէջ: Ինը ամիսներէ ի վեր հաստատուած էի այդ քաղաքը, բայց միայն քանի մը հատ հայի կրցած էի հանդիպիլ մինչեւ այդ թուականը: Այդ հայերէն մին էր, որ ինծի ըսաւ, թէ հայ մարդ մը կայ, որ Նոր Տարուան առթիւ իր տունը սիրայօժար բացած է բոլոր հայերուն, առանց պաշտօնական հրաւէրի: Գացի ու հանդիպեցայ տանտէրերուն՝ Զաւէն եւ Սոնա Խանճեաններուն ու 40 այլ հայերու: Հոն հիմը դրուեցաւ մեր բարեկամութեան, որ ծաւալեցաւ 47 տարիներու վրայ: Յաջորդ Նոր Տարիին դարձեալ իրենց տանն էի, բայց այս անգամ հրաւէրով, որովհետեւ հայերու թիւը աճած ըլլլալով, 50 հոգիէ աւելի չէր կրնար ընդունիլ իր տան մէջ:
Հոս պէտք է նշեմ, որ Ամանօրի այդ հանդիպումներու ընթացքին, ներկաները սիրայօժար նուիրատուութիւններ կ’ընէին, օգտակար հանդիսանալու գլխաւորաբար Պէյրութի եւ Հալէպի ծերանոցներուն եւ այլ հաստատութիւններու: Երբ Հոկտեմբեր 1978-ին Պէյրութի հայահոծ կարգ մը թաղեր ռմբակոծման ենթարկուեցան, անմիջապէս հաւաքուեցանք Խանճեաններուն տան մէջ, կազմեցինք 7 հոգինոց յանձնախումբ մը, ատենապետութեամբ Զաւէն Խանճեանի եւ Վազգէն Թերզեանի, մէկ ամսուան ընթացքին 100,000 սէուտական ռիալ ($31,000) հանգանակելու նպատակով, որը յաջողութեամբ պսակեցինք եւ նուիրեցինք Լիբանանի Վերականգնումի Մարմնին: Յանձնախումբի քարտուղարը ըլլալով, ատենագրութիւնները ես կատարեցի եւ ապա տետրակը յանձնեցի Խորէն Ա. եւ Գաեգին Բ. կաթողիկոսներուն, Անթիլիասի մայրավանք այցելութեանս ընթացքին:
Այստեղ դարձեալ կ’ուզեմ նշել հետաքրքրական դէպք մը: Զաւէնն ու ես սովորութիւն ունէինք հայութեան մասին օտար մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւններ հաւաքելու եւ բաժնեկցելու: Օրին մէկը, իր գրասենեակը այցելութեանս ընթացքին, ինծի տուաւ հնդկական թերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, Պոլսոյ Շնորհք պատրիարքին Կալկաթա այցելութեան մասին: Իր հնդիկ պաշտօնեաներէն մին, օր մը առաջ այդ գրութիւնը եւ անոր կցուած մկրտութեան արարողութեան նկար մը յանձնած էր իրեն: Երբ նոյն իրիկունը, իմ տան մէջ հաւաքուած ընկերներուս ցոյց կու տայի այդ գրութիւնն ու նկարը, յանկարծ անոնցմէ մին պոռաց՝ «ատիկա իմ քոյրս է, իր զաւակներով»: Անմիջապէս նկարին վրայ նշեցի ընկերոջս քրոջը եւ զաւակներուն անունները: Յաջորդ օրը գացի Զաւէնին գրասենեակը եւ ցոյց տուի իրեն: Չուշացաւ իր սրամիտ պատասխանը՝ «դուն հայերուն FBI-ն ե՞ս»:
1979-ին Խանճեաններուն ԱՄՆ փոխադրութեան պատճառաւ, ամանօրեայ այդ աւանդութիւնը կանգ առաւ: Պարտք զգացի իմ վրայ վերցնել այդ պարտականութինը, քանի որ իմ տունը արդէն վերածած էի «ակումբ»ի եւ կազմած 7 հոգինոց «Արարատ» նուագախումբը: Յաջողեցանք, երկրի խիստ ու դժուարին պայմանները յաղթահարելով, երկու յաջորդական տարիներու վրայ կազմակերպել ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ, ամերիկեան ընկերութեան մը սրահին մէջ, աւելի քան 100 հայերու մասնակցութեամբ: 1982-ին նոագախումբը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ երբ անդամներէն չորսը մեկնեցան երկրէն: Բայց 1988-ին վերակազմեցինք նոր անդամներով եւ երկու տարի եւս ելոյթներ կազմակերպեցինք մինչեւ իմ մեկնումը երկրէն: Մեր վերջին ելոյթը նուիրուած էր 1988-ի ահռելի երկրաշարժին եւ յաջողեցանք արդէն նոսրացած համայնքէն հանգանակել $27,000 Վանաձորի մանկական հիւանդանոցին համար եւ 2.5 թոն հագուստեղէն, Ախուրեանի շրջանի աղէտեալներուն:
1989-ին Լոս Անճելըս հաստատուելնես ետք, Խանճեաններուն հետ մեր կապերը սերտաճեցան: Գործակցեցանք Մերտինեան Վարժարանի հոգաբարձական կազմի, Համահայկական Հիմնադրամի եւ այլ միջոցառումներու գծով: Մինչեւ իսկ Իրաք ներխուժումին դէմ միասին ցոյց կատարեցինք Կլէնտէյլի փողոցներով: Թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ եւ թէ՛ այստեղի գործունէութեանց ընդմէջէն, շատ յստակ կ’երեւէր Խանճեանի անշահախնդիր, անկեղծ ու մաքուր նուիրումի ոգին: Որեւէ գործի որ կը ձեռնարկէր, կը զգայիր, որ ոգի ի բռին լծուած է անոր յաջողութեան: Այդ նպատակին հասնելու համար յատկացուցած ժամանակն ու գործադրած ջանքը վարակիչ հանգամանք մը կ’ունենար, որ կը քաջալերէր իր շուրջինները ամէն գնով օժանդակելու իրեն, յօգուտ գործի յաջողութեան:
Հատուածական եւ նեղ մտածողութեան մարդը չէր երբէք: Ինչ կազմակերպութեան եւ կամ միջոցառման մէջ ալ ներգրաւուէր, իր գերագոյն նպատակը այդ միջոցաւ ազգին ծառայելն էր: Ան շատ լաւ կը գիտակցէր, որ ազգի յաջողութիւնը կը բխի անհատի յաջողութիւնէն: Ատոր համար ալ շատ կարեւոր կը սեպէր ընկերական շրջանակի մէջ մտքերու ազատ քննարկում քաջալերել, որովհետեւ համոզուած էր, որ այդ գործընթացը պիտի նպաստէր բոլորի մտածելակերպի զարգացման:
Եթէ Զաւէն Խանճեանի օրինակն ու թողած աւանդը կարենանք ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ տարածել, ապա հաւաքական ուժ դառնալու եւ մեր ազգային յառաջընթացը ապահովելու երաշխիքները հիմնաւորած կ’ըլլանք: Այդպիսով, մեծագոյն յարգանքը ընծայած կ’ըլլանք իրեն եւ իր նմաններուն: