Կիրակի, Օգոստոս 18-ին տեղի ունեցաւ Հայ կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթաթոշակային Յանձնախումբի կազմակերպած նախաճաշ ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան 2024-2025 կրթական տարուայ կրթանպաստ ստացողներու անունները:
Այս տարուայ մրցանակները շնորհուած են Միացեալ Նահագներու տարբեր կողմերէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն 14 համալսրանական ուսանողներու:
Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿԲՄ-ի Փասատենայի կենդրոնէն ներս:
Օրիորդ Ալին Գուզուեան՝ միջոցառման հանդիսավար եւ ՀԿԲՄ-ի 2021-ի կրթանպաստին արժանացած, վարեց հանդիսութիւնը՝ կիսուելով է իր անձնական ճանապարհորդութեան եւ կրթաթոշակի նշանակալի ազդեցութեան մասին. «Այս կրթաթոշակը կը տրամադրուի ոչ միայն որպէս պարզ ֆինանսական աջակցութիւն. այլ եւ վաւերացման եւ խրախուսման զգացում կ՛առաջացնէ: Այն կը յիշեցնէ, որ իմ քրտնաջան աշխատանքն ու հաստատակամութիւնը ճանաչուեցան եւ գնահատուեցան: Վստահութեան այս բարձրացումը մեզ կը մղէ առաջ՝ օգնելով մեզ գերազանցել ուսումնական եւ անձնական կեանքին մէջ»:
Իր բացման խօսքէն յետոյ Ալին ներկայացուց ՀԿԲՄ-ի առաքելութեան եւ կրթաթոշակային հիմնադրամի յատուկ նպատակներու համառօտ պատմութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացան Յանձնախումբի ղեկավարներէն Տիար Թադէոս Քորողլեանը ու Ժիրայր Կիրակոսեանը՝ ներկայացնելու այս տարուան մրցանակները:
Այս տարուն մրցանակակիրներն էին.
Միացեալ Նահանգներէն.
– ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի Համալսարնի առաջին տարուայ ունող՝ Վոն Աբաքեան
– UCLA համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանող՝ Լիլի Յակոբեան
– Մասաչուսէթսի Լոուելի համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող՝ Անի Ֆիշեր
– Քալիֆորնիոյ Նահանգային ՀամալսարանևՆորթրիճի առաջին դասարանի ուսանող Օսան Չարըքեան
– Ֆերահեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Սթենֆորտի համալսարան առաջին դասարանի ուսանող՝ Թալին Նահապետեան
– Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ UCLA համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող՝ Սանտրա Փափազեան
– UCLA-ի առաջին դասարանի ուսանող՝ Ալիք Թուֆենքճեան
Հայաստանէն.
Սուրիկ Ղազարեան, Արամայիս Մկրտչեան, Դաւիթ Պետրոսեան եւ Հայկ Սոլկարեան
Լիբանանէն.
Սերլի Պետիկեան, Կէրի Կուլեան եւ Սեւակ Իզմիրլեան