Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայէն Կը Պնդեն, Թէ Խախտումներ Յայտնաբերած Են Հայկական Քոնեակներուն Մէջ, Երեւանը Կը Նշէ՝ Նման Ծանուցում Չէ Ստացած

Մոսկուայէն Կը Պնդեն, Թէ Խախտումներ Յայտնաբերած Են Հայկական Քոնեակներուն Մէջ, Երեւանը Կը Նշէ՝ Նման Ծանուցում Չէ Ստացած

by MassisPost

Հայաստանը Ռուսաստանէն պաշտօնական ծանուցում չէ ստացած Ռուսաստան մատակարարուող հայկական քոնեակի որակին հետ կապուած խնդիրներուն մասին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն յայտնած են «ԹԱՍՍ»-ին։

«ԹԱՍՍ»-ը աւելի վաղ գրած էր, թէ «Անտիկոնտրաֆակտ» ընկերակցութիւնը եւ Ռուսաստանի քոնեակ, սփիրթ եւ ալքոհոլային խմիչք արտադրողներու միութիւնը համատեղ հետազօտութիւն կատարած են եւ պարզած, որ ռուսական խանութներուն մէջ վաճառուող հայկական քոնեակներուն գրեթէ 90 տոկոսը անվտանգ չեն, իսկ արտադրանքին մօտ կէսը ոչ խաղողի սփիրթ է:

Կը պարզաբանուի, որ ուսումնասիրութեան համար ձեռք բերուած է աւելի քան 20 ապրանքանիշի շուրջ 200 նմոյշ՝ 10 մեծագոյն հայկական արտադրողներէ։

Կեղծարարութեան դէմ պայքարի ընկերակցութիւնը դիմումներ ուղարկած է Գլխաւոր դատախազութիւն, Դաշնային մաքսային ծառայութիւն եւ «Ռոսալկոգոլտաբակկոնտրոլ»՝ Հայաստանէն ներկրուող ալքոհոլային արտադրանքին նկատմամբ յաւելեալ հսկողութեան միջոցներ ձեռնարկելու խնդրանքով։

Հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ՝ այս տարուայ Մարտին «Ռոսսելխոզնադզօր»-ը ժամանակաւոր սահմանափակումներ կիրառած էր հայկական Max Fish ընկերութեան արտադրանքին նկատմամբ: Ընկերութիւնը այստեղ քաղաքական ենթագիր տեսած էր: Իսկ նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 28-էն մինչեւ Փետրուար 12-ն ալ հայկական «Ջերմուկ Գրուպ»-ի առանձին խմբաքանակներու վաճառքը արգիլած էր Ռուսաստանի մէջ: Ըստ Մոսկուային՝ խնդիրներ յառաջացած էին նաեւ հայկական կաթնամթերքի, պտուղ-բանջարեղէնի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment