Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Զաւէն Խանճեանի Յիշատակին Յուլիս 31, 1944—Օգոստոս 9, 2024

Զաւէն Խանճեանի Յիշատակին Յուլիս 31, 1944—Օգոստոս 9, 2024

by MassisPost

ՎԵՐ. ԴՈՏԿ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Զաւէն Խանճեան, Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ կարկառուն աշխարհական ղեկավարներէն մէկը, այս աշխահէն երկինք փոխադրուեցաւ Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2024-ին:

Հանգուցեալին հետ ունէի 45 երկար տարիներու բարեկամութիւն մը: Ան իր անձին մէջ կը խտացնէր նկարագրի ազնուագոյն տարրերու ներկայութիւն մը: Իր բազմաբեղուն վաստակը այնքան ծաւալուն է, որուն անդրադառնալը անկարելի պիտի ըլլայ այս մահագրութեան էջերու սահմաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, ստորեւ սեղմ ու ամփոփ տողերու մէջ կու տանք իր կենսագրականն ու նկարագրի բարեմասնութիւնները:

Զաւէն Խանճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1944 թուականին: Մեծցած է Հալէպի Էմմանուէլ Հայ Աւետ. Եկեղեցիին մէջ: Կանուխէն գործօն դեր ունեցած է Պատանեաց եւ Երիտասարդաց խումբերու մէջ: Երկրորդական եւ գոլէճական ուսումը ստացած է Հալէպ Գոլէճի մէջ, ապա աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) արժանանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին Առեւտրական Վարչագիտութեան մէջ:

1967-1979 աշխատած է Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ, ուր պատասխանատու պաշտօններ վարած է թէ’ իր գործին մէջ եւ թէ’ իր ապրած երկիրներու հայկական շրջանակներու մէջ:

1973-ին ամուսնացած է Սոնա Քէլլիկեանի հետ: Աստուած օրհնած է այս ամոլը երեք զաւակներով, որոնք իրենց կարգին բազմացուցած են ընտանիքը 6 թոռներով:

1979-ին ընտանեօք փոխադրուած է Գալիֆորնիա եւ կալուածներու առուծախի գործով զբաղած է, միայնգամայն գործօն դեր ունեցած է գաղութի եկեղեցական, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ վարելով ղեկավար դերեր տասնեակ մը կազմակերպութիւններու մէջ:

2014-ի Յուլիսին հրաւիրուած է վարելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը, ուր գործեց մինչեւ իր մահը: Զաւէն պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութեամբ վարեց իր ծանր պարտականութիւնը գրեթէ 10 տարի: Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ան դրսեւորեց ղեկավարի բարձր ձեռնհասութիւն: Իր մտաւորական պաշարով, իր վարչական ընտիր ձիրքերով, իր նկարագրի ազնիւ յատկանիշներով, իր յանդուգն ու անկեղծ ելոյթներով ան շահեցաւ ԱՀԱԸ-ի բազմահազար անդամներու սէրն ու յարգանքը:

Իր անհատականութեան, նկարագրի, իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր բարեմասնութիւններու ցանկը երկար է: Այս առթիւ յիշենք հետեւեալները.-

Առաջին, Զաւէն Խանճեան ընտիր ղեկավար մըն էր: Ան կազմակերպչական-վարչական ընդունակութիւններով օժտուած էր: Ան նաեւ օժտուած էր ընտիր նկարագրով, արթուն մտքով եւ զգայուն խիղճով: Զաւէն շարունակաբար հետաքրքրուած էր ոչ միայն շրջապատի, այլ համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու զարգացումներով:

Անցնող տասնամեակին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան համար եղաւ վերիվայրումներով լեցուն ժամանակամիջոց մը: Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ֆիզիքական, քաղաքական եւ ընկերային ցնցումներու: Նման այլ հայ կազմակերպութիւններու, Աւետարանչական Ընկերակցութիւնն ալ որոշ մարտահրաւէրներ դիմակալեց: Զաւէն Խանճեան իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ վճռական որոշումներ տուաւ յանուն Աւետարանչականի եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Տագնապներուն առջեւ քաջասիրտ, վհատութեան փոխարէն կորովամիտ, Զաւէն երբեք չկթոտեցաւ դժուարութիւններուն դիմաց, այլ մարմնացումը եղաւ աննկուն կամքի եւ անսահման զոհաբերութեան:

Երկրորդ, Զաւէն Խանճեան տեսիլքի եւ նուիրումի տէր մարդ էր: Ան հեռատեսութիւնը ունէր  գուշակելու ապագայ իրադարձութիւններ, վերլուծելու եւ ըստ այնմ ծրագրելու: Կարծես վեցերորդ զգայարանք մը ունէր անձերն ու իրերը կշռադատելու եւ անոնց համեմատ որոշումներ տալու: Շնորհիւ իր Աստուածատուր տաղանդին, յաճախ ԱՀԱԸ-ի առջեւ ներկայացող պատեհութիւններէն օգտուելով, Զաւէն սատարեց անոր յարաճուն վերելքին:

ԱՀԱԸ-ի համար անկիւնադարձ մը եղաւ Զաւէն Խանճեանը ունենալ որպէս Գործադիր Տնօրէն: Իր պաշտօնավարութեան տասնամեայ շրջանին, Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը մեծցաւ ու բարգաւաճեցաւ թէ’ բաոյապէս եւ թէ’ մանաւանդ նիւթապէս:

Երրորդ, Զաւէն Խանճեան հաստատ եւ աննկուն կամքի տէր էր: Շրջապատի բիրտ պայմաններուն մէջ իսկ ան քարը ճեղքող եւ անոր վրայ արմատ նետող տունկի պէս մարդ էր: Իր բոլոր նախաձեռնութեանց մէջ ո’չ տկարութիւն, ո’չ ալ յոգնութիւն ճանչցաւ, անսպառ եռանդով եւ բացառիկ ոգեւորութեամբ բոլորին ծառայեց: Գրեթէ մինչեւ մահ՝ իր տարիքը հերքով աշխոյժ կայտառութեամբ սահման չդրաւ իր նուիրումի ու զոհաբերութեան ոգիին:

Չորրորդ, Զաւէն Խանճեան իր համոզումներուն մէջ եղաւ անխախտ եւ խիզախ: Հաւատաւոր եւ պատուական այս հայորդին մինչեւ իր մահը ընկրկում չճանչցաւ իր կրօնական եւ ազգային համոզումներուն մէջ: Վարչական ժողովներուն մէջ եղաւ սկզբունքի մարդը, դատումի օրինական ըմբռնումներու նախաձախնդիր: Քաղաքական կարգ մը հարցերու մէջ մնաց անզիջող:

Հինգերորդ, Զաւէն Խանճեան հոգեւոր եւ հայրենասէր անձ մըն էր: Իր ներշնչումը կուգար կրօնասիրութեան եւ ազգասիրութեան զոյգ ակունքներէ: Իր քրիստոնէական անսահան հաւատքին հետ զուգահեռ քալեց իր անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը: Այս վարգագիծով ան սերտօրէն գործակցեցաւ հայ քոյր համայնքներու առաջնորդներուն հետ՝ վայելելով անոնց անվերապահ սէրն ու գործակցութիւնը:

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Զաւէն անաչառ եւ անկեղծ կերպով իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ հասարակական գործունէութիւններուն եւ աչքառու դեր խաղցաւ հայրենասիրական ճակատի վրայ: Ան ամենաջերմ սիրով կապուած էր Հայաստանի հետ եւ աշխատեցաւ սատարել անոր վերելքին:

Վեցերորդ, Զաւէն Խանճեան գրական շնորհներով օժտուած մարդ մըն էր: Սրտի ու հոգիի խուզարկու գաղափարապաշտ նկրտումներու այս նուիրեալ հայորդին եղաւ նաեւ հայ գրականութեան եւ դպրութեան ածուն ծաղկեցնող հաւատաւոր մշակ մը: Ան հեղինակեց երեք գիրքեր- «Սրտի եւ Մտքի Ցոլքեր» (2011), «Հալէպ՝ Առաջին Կայարան» (2013) եւ «Այս Տունը Քո՞ւկդ է թէ Իմս» (2017): Զանազան թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ ստորագրած իր յօդուածները, բայց յատկապէս AMAA News-ի խմբագրականներու եւ այլազան գրութիւններու շարքը եկան հաստատելու իր մտաւորականի անժխտելի տաղանդը:

Զաւէն Խանճեանի մահով մեր հաւաքական կեանքէն կ’անհետի գաղափարապաշտ եւ ընտիր ղեկավար մը, հայրենասէր եւ բարոյատիպ աշխարհական առաջնորդ մը, որուն յիշատակը վառ պիտի մնայ միշտ ԱՀԱԸ-ի աշխարհատարած անդամներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայորդիներու սրտին մէջ:

Մեր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալի սգակիր իր հարազատներուն, իր տիկնոջ Սոնային, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն, եղբօր, գործակիցներուն բարեկամներուն եւ համայն վշտակից պարագաներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment