Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արեւմտամէտ Ուժերը Ստորագրահաւաք Պիտի Սկսին՝ ԵՄ Անդամակցութեան Հանրաքուէ Կատարելու Պահանջով

Արեւմտամէտ Ուժերը Ստորագրահաւաք Պիտի Սկսին՝ ԵՄ Անդամակցութեան Հանրաքուէ Կատարելու Պահանջով

by MassisPost

Արեւմտամէտ քաղաքական ուժերն ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Սեպտեմբերէն պիտի սկսին ստորագրահաւաքը՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար հանրաքուէ կայացնելու պահանջով։ Որպէսզի հարցը մտնէ Ազգային Ժողով, անհրաժեշտ է առնուազն 50 հազար ստորագրութիւն։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան Կիւմրիի մէջ տեղեկացուց, որ զուգահեռ նաեւ օրէնքի նախագիծին վրայ կ’աշխատին, որպէսզի թէ՛ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը (ԿԸՅ), թէ՛ խորհրդարանը մերժելու հիմքեր չունենան։

«Մեզ խօսակցութիւններ էին հասնում, որ իշխանութեանը բացարձակ ձեռնտու չի, որ մենք 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքենք ու իրենք էլ մերժեն, դրա համար պէտք է այնպէս անել, որ ընդհանրապէս օրէնքը հէնց Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովից մերժուի, եւ իրենք էդ բարդութեան առաջ չկանգնեն: Դրա համար մենք առաւելագոյն անխոցելի ենք արել, ու դա մերժելու հնարաւորութիւն չկայ, ես կարծում եմ», – յայտնեց Արամ Սարգսեանը:

Նախագիծին մասին շատ չակերտներ չբացին, որպէսզի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մերժման համար նախապէս չպատրաստուի։ Եթէ 50 հազար ստորագրութիւնը հաւաքուի, բայց ԿԸՅ-ն կամ ԱԺ-ն չընդունի հանրաքուէ կայացնելու մասին օրէնքի նախագիծը, ապա յաջորդ քայլը, որ կրնան եւրոպամէտ ուժերը ընել, արդէն 300 հազար ստորագրութիւն հաւաքելն ու խորհրդարանը շրջանցելով հանրաքուէ կայացնելն է։

Պիտի շարունակե՞ն գործընթացը, թէ՞ ոչ, եթէ պահանջուի 300 հազար ստորագրութիւն հաւաքել. «Ես չեմ կարող այսօր ձեզ խօսք տալ, որ 50 հազարից յետոյ չարեցին, միանգամից գնալու ենք 300 հազարի, ոչ, տենց բան չեմ ասում: 50 հազարից յետոյ եթէ չարեցին, չընդունեցին, այն ժամանակ կը հաւաքուենք, կը մտածենք, նորից կը գանք Կիւմրի, նորից մեր ժողովրդի հետ կը զրուցենք, ժողովրդին կ’ասենք՝ ժողովուրդ, ին՞չ էք ասում, գնա՞նք էդ 300 հազարը հաւաքելու, թէ՞ չէ: Եթէ տեսնենք ժողովուրդն ասում է՝ պատրաստ եմ, գնացէք 300 հազարի, չկասկածէք, որ մենք էդ կ’անենք»:

«Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար Արման Բաբաջանեանը կը կարծէ, որ իշխանական քաղաքական խումբին մէջ ալ այս հարցին շուրջ տարակարծութիւններ կան։ Ամէն պարագային կ’ակնկալէ, որ հանրաքուէի առաջին ստորագրողներէն մէկը վարչապետ Փաշինեանը պիտի ըլլայ։

«Ի վերջոյ վարչապետը մայիս ամիսն Դանիայում յայտարարեց, որ ինքը կ’ուզէր Հայաստանն այս տարի դառնար Եւրոմիութեան անդամ: Այս նախաձեռնութեան առաջին ստորագրողը պիտի վարչապետը լինի», – ընդգծեց Բաբաջանեանը:

«Զանոնք կը հրաւիրենք, որ տէր ըլլան այն օրակարգին, որուն մասին ամէն օր կը յայտարարեն»

Եթէ իշխանութիւնները անկեղծ են իրենց իսկ կողմէ ձեւաւորած օրակարգին, ապա պէտք է այս նախաձեռնութեան կողքին ըլլան, կը կարծէ Բաբաջանեան։

«Մենք իրենց հրաւիրում ենք, որպէսզի տէր լինեն այն օրակարգին, որի մասին իրենք ամէն օր յայտարարում են: Եթէ անկեղծ են, ուրեմն պիտի այստեղ լինեն: Մենք յոյս ունենք, որ բանը 300 հազարին չի հասնելու», – ընդգծեց ան:

Եթէ Հայաստանը պիտի չփոխէ իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, ապա ըստ Արամ Սարգսեանի՝ հարց կը յառաջանայ՝ 2018-ին յեղափոխութիւ՞ն էր, թէ՞ իշխանափոխութիւն։

«Եթէ այն, ինչ որ կար աշխարհաքաղաքական առումով, Հայաստանի տեղի, դերի առումով, մնալու է նոյնը, ուրեմն այդ իշխանափոխութիւն էր: Իսկ եթէ Հայաստանը պիտի իր ուղղութիւնը փոխի, յեղափոխութիւնից յետոյ բոլորի մօտ հարց է առաջանում Հայաստանը մնալո՞ւ է Ռուսաստանի հետ նոյն ուղեծրում, թէ՞ իր ուղղութիւնը փոխելու է: Այդ ումի՞ց պիտի հարցնենք, ժողովրդից», – ըսաւ Սարգսեանը:

Այս նախաձեռնութիւնը ոմանց կարծիքով ժամանակավրէպ է, հիմա Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանին չեն սպասեր։ Կը հակադարձեն, թէ ով գիտէ ճիշդ պահը երբ է, որ ժամանակավրէպ կը համարեն։

Հայաստանի համար այս հանրաքուէն անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ կրնայ տալ, կ’ըսէ Արման Բաբաջանեանն ու մատնացոյց կ’ընէ Պաքուի մէջ կայացած Փութին-Ալիեւ հանդիպումը։

«Նաեւ այն բոլոր վտանգներն ու սպառնալիքները, որոնք կարող են յառաջ գալ Փութինի Պաքու այցից, կարծում եմ, մենք առաւելագոյն կարող ենք անվտանգային բարձիկներ ապահովել մեզ համար, եթէ կարողանանք այս նախաձեռնութիւնն իրապէս իրագործել, կեանքի կոչել», – նշեց Բաբաջանեանը:

Ի դէպ, Արամ Սարգսեանը յայտնեց, որ նամակ ուղարկած է վարչապետին, Փաշինեանը ըսած է, որ արձակուրդէն վերադառնալէ յետոյ պիտի հանդիպի իրենց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment