Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ-ՀՀ Դարաւոր Կապերը Պիտի Դիմանան Արեւմուտքի Փորձութիւններուն․ Զախարովան՝ Օ’պրայընին

ՌԴ-ՀՀ Դարաւոր Կապերը Պիտի Դիմանան Արեւմուտքի Փորձութիւններուն․ Զախարովան՝ Օ’պրայընին

by MassisPost

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր կապերը պիտի դիմանան բոլոր փորձութիւններուն, որոնց կ’ենթարկէ Արեւմուտքը, «Ռիա Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մարիա Զախարովան՝ արձագանգելով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղար Ճէյմզ Օ’պրայընի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կը փափաքի աւելի հեռանալ Ռուսաստանէն:

Զախարովան ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարին այս յայտարարութիւնը ահիմն որակած է։

«Ինչ կը վերաբերի Օ’պրայընի անհիմն յայտարարութիւններուն, թէ Հայաստանը կը փափաքի երես թեքել Ռուսաստանէն, սա ամերիկացիներուն բնորոշ աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան եւս մէկ օրինակ է. համաշխարհային հանրութեան աչքին ստեղծել Ուաշինկթընին անհրաժեշտ «իրականութիւն», որ որեւէ կապ չունի իրականութեան մէջ տեղի ունեցողին հետ», – ըսած է Զախարովան։

Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարը յայտնած է, որ Ուաշինկթընը կ’օգնէ, որ Հայաստանը խիզախ քայլեր ձեռնարկէ Ռուսաստանէն հեռանալու հարցով՝ պնդելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի կորուստէն յետոյ, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը ձախողելէ յետոյ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կը փափաքի աւելի հեռանալ Ռուսաստանէն: «Մենք կը ստեղծենք պայմաններ, որպէսզի ատիկա տեղի ունենայ»,- ըսած է Օ’պրայընը:

Ռուսաստանցի դիւանագէտը նշած է, որ Արեւմուտքի կողմէ իրավիճակը խեղաթիւրելու փորձեր տեսանելի են նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ։

«Օ’պրայընը եւ անոր գործընկերները պէտք է հասկնան պարզ բան մը՝ մեր երկիրներուն միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի դիմանան Արեւմուտքի բոլոր փորձութիւններուն։ Պատմութեան ընթացքին մենք բազմիցս ձեռք մեկնած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին եւ մտադիր ենք այդ ընել նաեւ ապագային»,- եզրափակած է Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment