Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ջնարակուած (Lacquered) Չինական Հաւկիթի Պատմութիւն Մը

Ջնարակուած (Lacquered) Չինական Հաւկիթի Պատմութիւն Մը

ԱՄՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

by MassisPost

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

ՉԻՆԱԿԱՆ ՀԱՒԿԻԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
1981-ի աշնան Փարիզի ճամբով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) մայրաքաղաք Ուաշինկթըն կը հասնէի հոն հաստատուած Միջազգային Դրամատան (The World Bank) մէջ ստանձնելու պաշտօնս։

Հազիւ թէ 15 օրեր անցած էին այդ թուականին վրայ երբ մեր բաժնի տնօրէնութիւնը ինծի տեղեկացուց թէ յաջորդ երկու շաբաթներուն իբրեւ դիտորդ պիտի մասնակցէի  Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան (People’s Republic of China) պատուիրակութեան մը եւ Միջազգային Դրամատան միջեւ ծրագրուած բանակցութիւններուն։ Արդարեւ, Չինաստան ԱՄՆ-ի հետ իր քաղաքական յարաբերութիւնները կարգաւորելէ ետք նախագահ Րիչըրտ Նիքսընի պաշտօնավարութեան առաջին (1969-1974) շրջանին, իր անդամակցութիւնը Միջազգային Դրամատան  հետ վերանորոգած էր Ապրիլ 1980 թուականին, գրեթէ երեսուն տարի տեւած խզումէ մը ետք, ու հետեւաբար այդ բանակցութիւններու նպատակը համադրել էր երկու կողմերու կառոյցային հաստատութեանց միջեւ հիմնական գործակցութեան նախապայմանները եւ պատրաստել անոնց համապատասխանող ճամբու քարտէզ մը։ Այս նպատակով բանակցութիւններու կողքին Միջազգային Դրամատան պատմութեան, կառոյցներու, գործունէութեան եւ նպատակներու մասին զեկումներ պիտի տրուէին նաեւ Չինական պատուիրակութեան անդամներուն՝ հաստատութեան պաշտօնէութեան կողմէ։ Հետեւաբար տնօրէնութեան կարծիքով իմ մասնակցութիւնը իբրեւ դիտորդ ծրագրուած բանակցութիւններուն յարմարագոյն առիթն էր  նորեկ պաշտօնեայի մը համար ծանօթանալու հաստատութեան գործունէութեան, ներքին կանոնադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները պայմանաւորող կապերու բնոյթին։

Երկու լման շաբաթներ տեւեցին այդ բանակցութիւններու եւ զեկուցումներու յատկացուած ժողովները։ Չինական բազմանդամ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր երկրի տնտեսութեան նախարարը։ Այս հանդիպումներու ամբողջ տեւողութեան չինացի մասնակից մասնագէտները ուշադիր եւ լարուած կը հետեւէին տրուած բացատրութիւններուն եւ զեկուցումներուն, ու կը նօթագրէին իրենց լսածները։ Իսկ ես լուռ կը հետեւէի օրակարգի զանազան բաժիններուն՝ առաւելագոյնս օգտուելու այս բացառիկ առիթէն։

Երբ երկու շաբաթ ետք աւարտեցան այս բանակցութիւնները, եւ մնաք բարովի քաղաքավարական ելոյթները վերջ գտան, Չինաստանի տնտեսութեան նախարարը մէկ առ մէկ մօտեցաւ Միջազգային Դրամատան ներկայացուցիչներուն՝ փոքրիկ  յուշանուէր մը յանձնելու համար իւրաքանչիւրին։ Երբ կարգը ինծի հասաւ նախարարը տուփի մը մէջ խնամքով փաթթուած գունագեղ ջնարակուած (lacquered) Չինական հաւկիթ մը յանձնեց ինծի ըսելով։ «Ես անդրադարձայ որ երկու շաբթուայ ընթացքին ոչ մէկ կերպով մասնակցեցաք  եղած զեկուցումներուն։ Ինծի համար հարց էր թէ ինչպիսի՞ դեր մը տնօրէնութիւնը վստահած էր ձեզի այս ժողովներուն կապակցութեամբ, որովհետեւ լուռ մնացիք առանց մասնակցելու։ Դատելով ձեր դէմքէն այնպէս եզրակացուցի  որ ամէն ըսուածներուն միշտ համամիտ չէիք։ Կրնա՞ք երկու խօսքով ձեր վերապահութիւնները ինծի փոխանցել»։

Փորձեցի պարոն նախարարը համոզել որ «կասկածելի» մասնաւոր դեր մը չէր վերապահուած ինծի այդ ժողովներուն, այլ պարզապէս կը մասնակցէի իբրեւ դիտորդ։ Թերահաւատ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքին, բարեւեց ու մեկնեցաւ։

Այդ ջնարակուած չինական հաւկիթը աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր նստած է իր փոքրիկ գահիկին վրայ մեր տան գրասենեակիս  սեղանին վրայ, ու ամէն օր ձեւով մը ինծի կը յիշեցնէ մեր հաստատութեան եւ Չինական պատուիրակութեան միջեւ տասնամեակներ առաջ եղած բանակցութիւններու դէպքը, եւ անկէ ի վեր Չինաստանի արագ եւ ապշեցուցիչ տնտեսական զարգացումի վերելքը, ինչպէս նաեւ այդ զարգացումին հետեւանք եղող անոր քաղաքական ոյժի եւ ազդեցութեան ակներեւ դրսեւորումը միջազգային բեմի վրայ որ վերջին տարիներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ տագնապի պատճառ եղած է։

Չինաստանի նախարարին անդրադարձումը անտեղի կամ անհիմն չէր։ Արդարեւ, զեկուցումներու տեւողութեան զանազան պաշտօնակիցներ ձեւաւորուող տնտեսական կապերու ապագային նկատմամբ առանձնակի խօսակցութիւններու ընթացքին իրենց տարակոյսները արտայայտած էին իրարու։ Այդ տարակոյսները թէեւ պաշտօնական բնոյթ չունէին, այսուհանդերձ որոշ մտահոգութեան մը արտայայտութիւններն էին։ Չինաստանի տնտեսութեան նախարարը անկասկած կողմնակի աղբիւրներէ տեղեակ դարձած էր այդ վերապահութիւններուն, ու կը փորձէր այդ ուղղութեամբ լուսաբանութիւններ ստանալ։ Սակայն անկախ անհատական կարծիքներէն կարեւորը այդ պահուն հաստատութեան պաշտօնական դիրքորոշումն էր, եւ այդ դիրքորոշումը հաստատութեան պաշտօնեաներէն կը պահանջէր որ աներկբայ կերպով իրենց նեցուկը բերէին երկկողմանի կարգադրութիւններուն։

Միջազգային Դրամատան պաշտօնական դիրքը այն էր որ հաստատութիւնը պարտաւոր էր իր անդամներու տնտեսական զարգացումին սատարել, այդ տնտեսական զարգացումը ապահովող զանազան ծրագիրներու ֆինանսաւորումով։ Հակառակ անոր որ այդ ֆինանսաւորումները երկրի ընդհանուր պէտքերուն հազիւ մէկ փոքրիկ տոկոսը կ՛ապահովէին, սակայն Միջազգային Դրամատան եւ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի (International Monetary Fund-IMF) պաշտօնական աջակցութիւնը նման պարագաներուն խնդրոյ առարկայ երկիրներուն նկատմամբ վստահութիւն ներշնչող դիրք մը կը ճշդէին օտար ներդրում ընող օտար կողմերուն մօտ,եւ այդ պատճառով քաջալեր կը հանդիսանային  արտաքին կարեւոր եւ յաւելեալ դրամագլուխներու հոսքին, այսպէսով մի քանի անգամ բազմապատկելով Միջազգային Դրամատան սկզբնական ներդրումը եւ մասնակցութիւնը։

Միջազգային Դրամատունը  եւ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը ստեղծուած էին երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Յուլիս 1944 թուականին կայացած յաղթական  դաշնակից պետութիւններու խորհրդաժողովին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կողքին, յետ-պատերազմեան աշխարհի նոր ձեւաւորուող ֆինանսական եւ տնտեսական դրութիւնները կանոնաւորող հաստատութիւններ ըլլալու համար։ Միջազգային Դրամատան հիմնական նպատակն էր պատերազմի հետեւանքով աւերուած Եւրոպական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Ճաբոնի, վերակառուցումը ապահովել՝ անհրաժեշտ վարկեր տրամադրելով այդ նպատակին համար։ Միջազգային Դրամատունը իր գործունէութեան դաշտը ընդլայնելով 1970 թուականին սկսած էր վարկեր տրամադրել նաեւ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ գաղութարարական լուծէն ձերբազատուած Ասիոյ եւ Ափրիկէի նորանկախ պետութիւններուն, անոնց տնտեսական զարգացումը ապահովելու սահմանուած կենսական ծրագիրներու իրագործումը քաջալերելով եւ ֆինանսաւորելով։

Հետեւաբար, այս տեսակէտէն 1981-ի աշնան Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան եւ Միջազգային Դրամատան միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւնները նշանակալից էին մի քանի տեսանկիւններէ։ Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Արեւմտեան աշխարհի միջազգային ֆինանսական եւ տնտեսական կարգուսարքին եւ հիմնակարգին հետ կապեր կը ստեղծէր ու անոնց համեմատ այդ համակարգէն ներս միջազգային պարտաւորութիւններ յանձն կ՛առնէր։ Միաժամանակ այս նորաստեղծ կարգադրութիւնները առիթ կ՛ընծայէին Չինաստանին օգտուելու տնտեսական աշխարհէն ներս  գոյութիւն ունեցող ֆինանսական եւ առեւտրական դրոյթներէն,որոնցմէ զրկուած էր անցեալին, նոր յարաբերութիւններ հաստատելու բազմաթիւ  նոր երկիրներու հետ իր արտադրութիւններուն լայն շուկայ մը ապահովելու համար։

Այս բանակցութիւնները կարեւոր եւ նշանակալից քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներ էին այդ ժամանակաշրջանին։Այդ բանակցութիւններու արդիւնք եղող կարգադրութիւնները ժամանակի ընթացքին հիմը դրին Չինաստանի հզօր տնտեսական վերածնունդին, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հետեզհետէ անոր զարգացող ազդեցիկ դիրքին եւ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր զինուորական եւ ռազմական ոյժի բացայայտ կարողականութեան դրսեւորումին։ Այս ամէնը այժմ լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն ԱՄՆ-ի քաղաքական խաւերուն ու կը ձեւաւորեն երկու երկիրներու միջեւ ծագած բարդ տագնապին դրդապատճառները եւ հիմքերը։

ՃԱԲՈՆԻ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐԸ՝ ՉԻՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Շատերու  մօտ այդ օրերուն այն կարծիքը, կամ մտավախութիւնը, կը տիրէր թէ Չինաստանի հետ ծրագրուած տնտեսական կապերը եւ կարգադրութիւնները ուշ կամ կանուխ պիտի յանգէին նոյն այն կացութեան որուն դէմ յանդիման կը գտնուէին այդ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի գլխաւոր երկիրներու  քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական եւ ֆինանսական շրջանակները՝ Ճաբոնի աճող տնտեսական հզօրութեան եւ զանազան մարզերէ ներս արձանագրած գերադաս յաջողութիւններուն պատճառով։ Ճաբոնի տնտեսական հզօրութիւնը Արեւմտեան աշխարհի շահերուն դէմ լուրջ սպառնալիք մը կը նկատուէր այդ օրերուն։ Միաժամանակ շատերու մօտ այն տպաւորութիւն սկսած էր տիրել որ Արեւմտեան Աշխարհը կորսնցնելու վրայ էր իր անցեալի հիմնական եւ ճակատագրական առաւելութիւնները ճարտարարուեստի մարզերէն ներս,ու երկրորդական ոյժ մը դարձած էր միջազգային բեմի վրայ։ Այս նկատառումը իր խոր անդրադարձը ունեցած էր Ամերիկեան շրջանակներու մօտ։ Արդարեւ, այդ շրջանակները երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Ճաբոնի մէջ իրենց կատարած ներդրումներու արդիւնքէն կը յուսային տեւական առեւտրական  գերակայ շահեր ապահովել իրենց վայելած մենաշնորհեալ դիրքին իբրեւ արդիւնք, առանց գիտակցելու կամ անդրադառնալու որ սկզբնական շրջանէ մը ետք Ճաբոն իր տնտեսական զարգացումին շնորհիւ կրնար օր մը լուրջ եւ անհաճոյ մրցակից մը դառնալ իրենց եւ աշխարհի բեմին վրայ ասպարէզ կարդալ նպաստառռւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր դաշնակիցներուն։ 1980-1990 տարիներուն Ճաբոնի ազդեցութիւնը այնքան զօրացած էր միջազգային գետնի վրայ որ լուրջ մտահոգութիւններ ստեղծած էր ԱՄՆ-ի պետական , տնտեսական եւ առեւտրական շրջանակներուն մօտ, թէեւ Ճաբոն զինուորական նկրտումներ չունէր, եւ չէր կրնար ռազմական սպառնալիք մը ըլլալ իր նախկին «բարերար»ին համար։ Հակառակ ասոր, Ճաբոնի առեւտրական եւ տնտեսական մրցակցութեան ակնյայտ դրսեւորումները, եւ անոնց ընկերացող մտահոգութիւնները եւ հարցադրումները, թունաւորեցին ԱՄՆ-Ճաբոն յարաբերութիւնները այն աստիճան որ ԱՄՆ ստիպուեցաւ սպառնալիքներու դիմել եւ միջոցներ ձեռք առնել սահմանափակելու համար Ճաբոնի  տնտեսական ոյժի արտայայտութիւնը եւ ներկայութիւնը միջազգային բեմին վրայ , այդ ձեւով զսպելու համար անոր «փառամոլական» քաղաքական տենչանքները։ Այս տագնապը իր գագաթնակէտին հասաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 41-րդ նախագահ Ճորճ Պուշի (հայր) շրջանին՝ 1989էն մինչեւ 1993  թուականները , ու ժխտական անդրադարձ ունեցան երկու երկիրներու տնտեսական, առեւտրական եւ քաղաքական յարաբերութիւններուն վրայ։

ՊԱՅՔԱՐ ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Կասկած չի կայ որ Միջազգային Դրամատան թերաճ երկիրներու զարգացման համար տրուած օգնութիւնը անհրաժեշտ, կարեւոր եւ հրամայական պայման մըն է նկատի առնելով այն քաղաքական, տնտեսական եւ ֆինանսական հետեւանքները որոնք աղքատութեան , թշուառութեան եւ յուսահատ կեանքի պայմաններէն կը ծնին, եւ որոնք ընդհանրապէս մարդոց եւ աշխարհի խաղաղութեան կը սպառնան։ Միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք ՄԱԿի հովանաւորութեան տակ ստեղծուած էին բայց անկախաբար կը գործէին, կը ձգտէին տնտեսական  բարօրար պայմանները ստեղծել եւ այդ ձեւով միլիոնաւոր մարդոց կեանքին որակը բարձրացնել, ջնջելու համար  համար թշուարութեան եւ աղքատութեան ծնունդ տուող պայմանները։ Թէեւ այդ անկարելի երազ մը կամ ձգտում մը կը նկատուի թերահաւատներու  կողմէ , այսուհանդերձ ոեւէ անձ, խումբ, կազմակերպութիւն կամ պետութիւն որ մարդկային համերաշխ գոյակցութեան կը հաւատայ իրարօգնութեան ճամբով, մէկ վայրկեան իսկ չի կրնար տատամսիլ որդեգրելու այս փիլիսոփայութիւնը, եւ սատարելու անոր տարածումին։

Վերջին  40 տարիներուն , այսինքն այն թուականէն ի վեր որ Չինաստան իբրեւ լիիրաւ անդամ մաս կազմեց Համաշխարհային Դրամատան, ինչպէս նաեւ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, Չինաստանի տնտեսական կացութիւնը, եւ հարիւր միլիոնաւոր չինացիներու կեանքը, անհաւատալի փոփոխութիւններ կրեցին։ Բաւ է աչքէ անցնելու զանազան աղբիւրներէ լոյս տեսած , եւ զիրար ամբողջացնող պաշտօնական վիճակագրութիւնները, համոզուելու այս իրականութեան։ Արդարեւ, Չինաստանի պարագան ցոյց կու տայ թէ ինչպէս պետութիւն մը կրնայ ինքզինք վերափոխել , աղքատութեան եւ թշուառութեան ծնունդ տուող կառոյցային պայմանները յեղաշրջել, եւ հիմնական կերպով քաղաքացիի կեանքը բարեփոխել եթէ երկրի ղեկավարութիւնը ապագայի յստակ տեսիլք մը ունենայ, եւ այդ տեսիլքին համար հարկ եղած կամքը, գիտակցութիւնը, ՚եւ կարողութիւնը ի գործ դնէ երկրի գիտական, ճարտարարուեստագիտական, նիւթական կենսամիջոցները զօրաշարժի ենթարկելու, երկրի ապագան նոր հիմերու վրայ դնելու՝ անոնց համապատասխան ազգային ծրագիրի մը վրայ։

ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆ
Արագ կերպով աչքէ անցնենք հրապարակուած վիճակագրութիւններէն մի քանի նմոյշներ , որոնք Չինական տնտեսական հրաշքի հիմքերը կը կազմեն։

-Չինաստանի «Ազգային Հում Արտադրութեան» (Gross Domestic Product-GDP)  ընդհանուր  արժէքը ներկայիս 18.53 եռիլիոն տոլար է ԱՄՆ-ի 28.78 եռիլիոն տոլարին դիմաց։ Բաղդատեցէք այս թուանշանը 1981 թուականին հետ երբ Չինաստանի ազգային արտադրութեան արժէքը միայն 493 միլիառ տոլար էր։  Չինաստանի տնտեսական տարեկան աճը 1990 թուականէն ի վեր միջին հաշուով հանդիսացած է 9 առ հարիւր, բարձրանալով 15.2  առ հարիւրի 1984-ին, եւ յաճախ գերազանցելով 14 առ հարիւրի հասնող ապեցուցիչ մակարդակը։ Այդ զարգացումի ճամբուն վրայ Չինաստանի «Ազգային Հում Արտադրութիւնը» յաջորդաբար գերազանցեց աշխարհի զօրաւորագոյն տնտեսութիւններ նկատուող երկիրներէն  Իտալիան 2000 թուականին,  Ֆրանսան 2005-ին, Մեծն Բրիտանիան 2006-ին եւ Գերմանիան 2007-ին։ Չինաստան 2018 թուականին դարձաւ  աշխարհի մեծագոյն երրորդ տնտեսութիւնը՝ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութենէն ետք։

-Արտաքին առեւտուրի մարզէն ներս ԱՄՆ-Չինաստան փոխառութիւնները տասնամեակներէ ի վեր կ՛ընթանան Չինաստանի ի նպաստ։ Չինաստանէն դէպի ԱՄՆ-ի արտածումները 1985-ին թուականին կը կազմէին տարեկան 3.86  միլիառ տոլար միայն, մինչ այդ  նոյն արտածումներու ընդհանուր գումարը հասաւ 427.23 միլիառ տոլարի 2023 թուականին։ ԱՄՆ այդ նոյն շրջանին միայն 195.5 միլիառի տոլարի հասնող արտածումներ ըրաւ Չինաստանի ուղղութեամբ , այսպէս ստեղծելով 226.73 միլիառ տոլարի բաց մը Չինաստանի հետ իր առեւտրական փոխառութիւններու մէջ։ Տարիներէ ի վեր ԱՄՆ աւելի ապրանք կը ներածէ Չինաստանէն քան թէ կ՛արտածէ, պատճառ հանդիսանալով դէպի Չինաստան միլիառներու հասնող տոլարի հոսքի մը որ  ամէն տարի կը հարստացնէ Չինական  գանձատունը ի հեճուկս՝ ԱՄՆ-ի։

– 1950 թուականին Չինաստանի օտար դրամանիշերու պահեստին ընդհանուր գումարը կը հասնէր 157 միլիոն տոլարի ։ Այդ նոյն պահեստները 1981 թուականին կը գնահատուէին 2.78 միլիառ տոլարով, իսկ 2024 թուականին այդ պահեստները հասած են 3.222 եռիլիոն տոլարի, հանդիսանալով աշխարհի ամէնէն բարձր նկատուող օտար դրամանիշերու պահեստ մը։ Չինաստան այդ պահեստներու բաղկացուցիչ դրամանիշերու մասին վիճակագրութիւններ չի հրատարակէր, թէեւ լաւատեղեակ մարմիններ կը վստահեցնեն թէ անոնց կարեւորագոյն մասը կը բաղկանայ Ամերիկեան դրամանիշէ։ Միաժամանակ ծանօթ է նաեւ որ իր ունեցած օտար դրամանիշերու պահեստէն Չինաստան մօտ 800 միլիառ տոլարի բաժանորդագրական ներդրում մը ըրած է ԱՄՆի գանձային արժեթուղթերը գնելով։ Հետեւաբար, ԱՄՆ-ի հետ իր ունեցած առեւտրական գործառնութիւններու նպաստաւոր ընթացքը Չինաստանին ընծայած է անօրինակ ազդեցութիւն մը իր ազգային սահմաններէն ալ անդին։

-Երբ Չինաստան իր յարաբերութիւնները բարելաւեց Արեւմտեան աշխարհին հետ, ամէն տեսակի օտար ընկերութիւններ, եւ մասնաւորապէս ամերիկեան ընկերութիւններ,  աճապարեցին Չինաստան փոխադրել իրենց գործարանները կամ արտադրութեան միջոցները, յուսալով  որ տեղական աժան աշխատավարձը եւ Չինաստանի կառավարութեան ընձեռած տուրքային, եւ այլ տեսակի քաջալերիչ նիւթական խայծերը, յաջող պայմաններ պիտի ստեղծէին իրենց գործառնութիւններուն համար։ Այս շահագրգռեալ կողմերը կը յաջողէին աշխարհի հասարակութեան մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծել թէ «Աշխարհայնացում»ը (Globalization) միջազգային  սպառողին համար մեծ առաւելութիւն մը եւ նպաստ մը կը բերէր, որովհետեւ ան իր նախասիրած արտադրութիւնները աւելի աժանի կրնար ապահովել։

-1981-ին Չինաստան ոչ մէկ միլիառատէր ունէր, մինչ միայն 13 միլիառատէրեր գոյութիւն ունէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (ԱՄՆ) մէջ։ Հեղինակաւոր «Ֆորպս  Պարբերաթերթ»ի (Forbes Magazine) տարեկան վերջին ցանկին համաձայն Չինաստանի մէջ 2024 թուականին գոյութիւն ունէին 406 միլիառատէրեր, մինչ ԱՄՆ ունէր 800 միլիառատէրեր։ Հարց է անշուշտ թէ ի՞նչպէս Չինական համայնավար  կարգուսարքի տակ միլիառատէրեր գոյութիւն ունեցան։ Հարց է անշուշտ թէ ինչպէ՜ս այսքան միլիառատէրեր միաժամանակ բազմացան աշխարհի վրայ ու «Միլիատէրերու Եղբայրութիւն» մը կրցաւ ազգային սահմաններէն անդին համայնական որոշիչ կշիռ եւ ազդեցութիւն ունենալ մարդոց կեանքին մէջ ամէն մարզերէն ներս

Հոս երեւան կու գայ արդէն Չինական համայնավար կարգուսարքի ճկունութիւնը իր տնտեսական դիրքորոշումի ձեւաւորումին եւ գործնականացումին մէջ բաղդատմամբ Սովետական Միութեան անճկուն համայնավար կարգուսարքին։ Սովետական Միութեան փլուզումին գլխաւոր պատճառներէն մին հանդիսացաւ անոր անկարողութիւնը իր տնտեսութիւնը արդիական վիճակի հասցնելու մտադրութեան եւ ջանքին մէջ, որովհետեւ անոր ուղղափառ եւ քարացած գաղափարախօսական հիմքը արգելք կ՛ըլլար այդպիսի փոխակերպումի մը։ Չինաստան այդ հարցը դիւրութեամբ լուծեց։ Ծրագրեց ու յաջողեցաւ իր տնտեսութիւնը կապել «դրամատիրական» դրութեան առանց զոհելու Համայնավար կուսակցութեան եւ կառավարութեան քաղաքական եւ իշխանավարական մենաշնորհեալ դիրքը։

ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԸ ԲՆԱԾԻՆ ՏԱՐՐԵՐԸ
Հակառակ անոր որ Չինաստանի անցնող տասնամեակներու տնտեսական զարգացումը ընթացաւ 1981 թուականներու ջանքերուն եւ տրամադրութիւններուն համապատասխան պատերացումով եւ ակնկալութիւններով, ինչո՞ւ ներկայիս ԱՄՆ-ի ղեկավար դասակարգը ,եւ ամերիկեան հանրութիւնը ընդհանրապէս, մտահոգ են Չինաստանի ներկայ կացութեամբ, եւ ժխտական դիրքորոշում մը ունին անոր զարգացումին նկատմաբ։ Ի՞նչ պատահեցաւ որ այս «Միլիատէրերու Եղբայրութիւնը» բարեկամ եւ հանդուրժող մրցակցութեան ոգիէն անցաւ պնդացած հակառակութեան եւ գրեթէ թշնամական դիրքորոշումներով յատկանշուած դրութեան մը։Անոնք որ ցերեկ եւ գիշեր «Աշխարհայնացում»ի (Globalization) առաւելութիւնները եւ առաքինութիւնները կը թուէին եւ կը քարոզէին աշխարհին՝ անցնող 40 տարիներուն, այժմ «Ազգային Տնտեսութեան» եւ «Ազգային Գերակայ Շահերու» անհրաժեշտութեան դրօշակը կը պարզեն եւ բացայայտօրէն կը հակառակին իրենց իսկ սկզբունքներուն, ջատագովելով մաքսային տուրքերու  սահմանումը՝ իրենց մրցակիցի թափը կոտրելու եւ յաջողութիւններու կշռոյթը զսպելու համար ։

ԱՄՆ-Չինաստան տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան սկզբնական տարիներուն Ամերիկեան պաշօնական, ճարտարարուեստական եւ առեւտրական շրջանակները կը հաւատային որ  Չինաստանը միջազգային առեւտրական դրութեան մաս կազմելով  պիտի յարգէր հաստատուած միջազգային խաղի կանոնները եւ իրբեւ  «օրինակելի» մրցակից պիտի գործէր անոնց միջազգային տրամադրութիւններէն  ներս։

Տարիներու փորձառութիւնը եկաւ հակառակը փաստելու։ ԱՄՆ եւ Արեւմտեան երկիրներ շեշտուած մտահոգութեամբ համակուեցան տեսնելով Չինաստանի անյարիր վարմունքին կրկնութիւնը, որ խոտոր կը հանդիսանար ընդունուած կանոններուն։

Արդարեւ, Չինաստանի կառավարութիւնը ամէն տեսակի նիւթական, դրամական , տուրքային   նպաստներ եւ արուեստական զիջումներ կը տրամադրէր պետական հակակշռի ենթակայ Չինաստանի ընկերութիւններուն, անոնց մրցակցութեան առաւելութիւններ  ապահովելու համար միջազգային շուկային վրայ, այսպէսով հակասուելով իր ընդունած ազատ առեւտուրի կանոններուն։

Սակայն ասով չէին սահմանափակուէր Արեւմտեան աշխարհի եւ մանաւանդ ԱՄՆի քաղաքական եւ տնտեսական շրջանակներու մտահոգութիւնները։

Փորձենք համառօտել այս մտավախութիւնները։

-Տարիներու ընթացքին ծայր առաւ եւ ծաւալեցաւ Ամերիկեան գործարաններու եւ արտադրութեան կենդրոններու Չինաստան փոխադրութիւնը՝ աշխարհայնացումի (Globalization) դրօշակին տակ։ Այս փոխադրութեան անմիջական նպատակն էր օգտուիլ Չինաստանի «աժան աշխատավարձերէն» եւ միաժամանակ ձերբազատուիլ տեղական «Արհեստակցական Միութիւններ»ու (Labor Union) զանազան ընկերային եւ բժշկական խնամքի պահանջքներէն, որոնք «չափազանցուած» կը նկատուէին գործարարներու եւ ներդրում ընողներու խմբակներու կողմէն։ Այս փոխադրութիւններու հետեւանքով այդ շրջանին գործէ զրկուեցան, ըստ տնտեսագէտներու հաշուարկումին եւ գնահատումին, աւելի քան 2.2 միլիոն ամերիկացի աշխատաւորներ։ Միաժամանակ «աժան աշխատավարձի ձեռքեր»ու  գործածութիւնը պատճառ եղաւ ԱՄՆ-ի մէջ ամսավարձերու համապատասխան նուազումին , որ իր կարգին  աղքատացուց ու ապա ամբողջովին անէացուց միջին դասակարգ կոչուած հասարակական միաւորը, որ ամերիկեան ընկերութեան ողնայարը կը նկատուէր։

-Չինաստանի կառավարութիւնը միաժամանակ իր ազգային դրամանիշի արժէքը արուեստականօրէն «ցած» կը պահէր՝ իր արտադրութիւններուն գինը համաշխարհային շուկային վրայ աւելի աժան պահելու համար։ Այդ ձեւով այդ արտադրութիւնները իրենց իսկական գինէն եւ արժէքէն աւելի ցած կը վաճառուէին, անգամ մը եւս խախտելով ազատ շուկայի եւ ազատ մրցակցութեան գլխաւոր յենարաններէն ու պայմաններէն մին։

-Ազգային անվտանգութեան հարցը տարիներու ընթացքին երթալով աւելի լուրջ եւ կնճռոտ  հարց մը կը դառնար ԱՄՆ-ի համար։ Արդարեւ, Չինաստան մեծ ջանքեր կը թափէր անհատական եւ պետական գետնի վրայ լրտեսական գործունէութիւն մը ծաւալելու՝  տիրանալու եւ իւրացնելու համար ԱՄՆ-ի ճարտարարուեսական գաղտնիքները եւ այդ ձեւով դիւրացնելու իր հետազօտական եւ գիտական աշխատանքները։ ԱՄՆ-ի Դաշնակցային Հետազօտական Գրասենեակի (Federal Bureau of Investigation-FBI) պետ Քրիստըֆըր Րէյ (Christoper Ray) 14 Ապրիլ 2024 թուականին Թէնըսի նահանգի Նաշվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Արդի Հակամարտութիւններ եւ Զարգացող Սպառնալիքներ» խորագրուած գագաթնաժողովի  ընթացքին կ՛ըսէր։ «Չինաստան կ՛ուզէ իւրացնել ապագայի տնտեսական զարգացումի ամէնէն  հիմնական տարրերը եւ կարեւոր միջոցները, եթէ այդ նոյնիսկ գողութիւն կ՛ենթադրէ։ ԱՄՆ-ի ամէնէն մեծ վտանգը կու գայ Չինաստանէն» կը յայտարարէր ան այդ ժողովին։

-Այս պատկերը ամբողջացնող ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթը ԱՄՆ-ի համար Չինաստանի ծաւալող քաղաքական ազդեցութեան կողքին անոր ռազմական կարելիութիւններու անհամեմատ աճն է, ու անոր յանդուգն եւ յարձակողական դիրքորոշումները՝ Խաղաղական Ովկէանոսի սահմաններէն ներս։ Չինաստան կը փորձէ վերջ տալ ԱՄՆ-ի միակ գերհզօր պետութիւն ըլլաու մենաշնորհին ու կ՛ուզէ  իր կարգին կարեւոր դեր մը գրաւել միջազգային քաղաքական ,տնտեսական եւ ֆինանսական կառոյցներէն ներս ։  Այդ նպատակին հասնելու համար Չինաստան ջանք կը թափէ իր զինուորական կառոյցներու կարողականութիւնը բարձրացնելու՝ մրցելու եւ հակադրուելու ԱՄՆ-ի։

Այս կապակցութեամբ Չինաստանի զինուորական ծախսերը, ըստ 2024 թուականի պաշտօնական պիւտճէի  նախագիծին, կը գնահատուէին 231.3 միլիառ տոլարով բաղդատմամբ  131 միլիառ տոլարի 2014 թուականին։ Եթէ աչքէ անցնենք անցնող տաս տարիներու Չինաստանի զինուորական ծախսերու յատկացուած գումարները պիտի տեսնենք որ անոնք առնուազն  7 առ հարիւրի յաւելում մը կրած են ամէն տարի։ Օտար մասնագէտներու գնահատութեամբ Չինաստանի զինուորական ծախսերը իրականին վերջին շրջաններուն կը տարուբերին տարեկան 300 միլիառէն 400 միլիառ տոլարի միջեւ ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական նպատակներու համար ծախսած 880.1 միլիառ տոլարէն ետք  կը հանդիսանան աշխարճի ամէնէն բարձր տարեկան պիւտճէական յատկացումները զինուորական ոյժերուն համար։

Այս մրցակցութեան պատճառով Չինաստան եւ Ամերիկայի. Միացեալ Նահանգները կը գտնուին կարեւոր խաչմերուկի մը առջեւ։

«ԲԱՐԵԿԱՄ ՄՐՑԱԿԻՑԷ՝ ՈԽԵՐԻՄ ԹՇՆԱՄԻ»
Ողջախոհութիւնը եւ շահերու նոյնութիւնը կը պարտադրեն որ Չինաստան եւ Ամերիկա փոխադարձ զիջումներով լեզու գտնեն իրարու հետ։ Արդարեւ այդ նպատակին համար ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Խի Ժին Փինկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ իրարու հետ հանդիպում մը ունեցան  Նոյեմբեր 15 , 2023 թուականին երկու երկիներու միջեւ առկայ եղող հարցերը քննելու համար։

Երեւան եկաւ որ այդ երկու քաղաքական ոյժերէն ո՛չ մին տակաւին պատրաստ է զիջումներ ընելու։ Նախագահ Տոնալտ Թրամբ արդէն 22 Մարտ 2018ին 50 միլիառի համապատասխանող պատժական մաքսային տուրքեր սահմանած էր Չինական արտադրութիւններու վրայ ։ Նախագահ  Ժօ Պայտըն ոչ միայն այդ տուրքերը շարունակեց, այլ նորեր աւելցուց անոնց վրայ։ Ուրեմն Ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս ե՛ւ Հանրապետական ե՛ւ Տէմոքրաթ կուսակցութիւնները հետամուտ են զսպելու Չինաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ առեւտրական նկրտումները՝  անոր դէմ պատժական միջոցառումներ ի գործ դնելով։ Այս մաքսային տուրքերը ծանր ազդեցութիւն կը գործեն Չինական տնտեսութեան վրայ։ Ո՛չ միայն Չինական ապրանքներու մուտքը ԱՄՆ 2018 թուականէն ի վեր նուազեցաւ, այլեւ Ամերիկեան ընկերութիւններու արտադրական միջոցներու «վերադարձը» ԱՄՆ լուրջ հարցեր ստեղծեց Չինաստանի համար ու անոր պատճառով  երկրի տնտեսական աճի տոկոսը գահավէժ անկում մը ունեցաւ բաղդատմամբ  2021 թուականին, ընդունելով հանդերձ որ «Գովիտ»ի համաճարակը իր դերը ունեցաւ այս փոփոխութիւններու հարցով։ Յամենայն դէպս այս իրողութիւնը չի կրնար աննկատ ձգել  «բարեկամ մրցակիցէ» դէպի «ոխերիմ թշնամի»ի անցքին  անբաղձալի հետեւանքները Չինաստանի համար ու աներկբայ է որ այդ տնտեսական տագնապը երթալով աւելի պիտի սրի եւ բարդութիւններ ստեղծէ Չինասատանի համար։ Իսկ պատմութիւնը ցոյց տուած է որ տնտեսական տագնապներէն  յաճախ անսպասելի եւ աւելի բարդ հետեւանքներ կրնան ծնիլ։

Հոս պահ մը վերադառնանք այս յօդուածի սկզբնաւորութեան յիշուած ջնարակուած Չինական հաւկիթի պատմութեան։ Մեզմէ ոչ ոք Միջազգային Դրամատան եւ Չինաստանի միջեւ 1981-ին եղող բանակցութիւններու ընթացքին ապագան կարդալու կամ գուշակելու կարողութիւնը ունէր։ Միաժամանակ, ոչ ոք կրնար երեւակայել որ Չինաստան այսպիսի տնտեսական յաջողութիւններու հետեւանքով կրնար միջազգային կեանքէն ներս այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ ազդեցութիւններու հասնիլ։ Յաճախ քաղաքական դէմքեր, պետական մարդիկ եւ անոնց ենթակայ պաշտօնատարեր խանդավառուած անմիջական արդիւնքներու խոստումէն նախաձեռնութիւններ կը ծրագրեն եւ զանոնք գործադրութեան կը դնեն աչքաթող ընելով անսպասելի հետեւանքներու բնոյթը ապագային։ ԱՄՆ-ի 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքըն (1861-1865) ըսած է։ «Չէք կրնար ապագայի պատասխանատուութիւնէն խուսափիլ փորձելով խոյս տալ անկէ այսօր» (You cannot avoid the responsibility of tomorrow by evading it today).

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment