ԿԽՄԿ-ն արձագանգած է Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան առողջական վիճակի վատթարացման մասին մամուլին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան։
«Պաքուի մէջ պահուող հայերու տեսակցութեան բովանդակութեան հետ կապուած որեւէ բան ԿԽՄԿ-ն հանրային հարթակով մեկնաբանել չի կրնար։ Մեր պատուիրակներու տեսակցութիւններու շրջանակին մէջ իւրաքանչիւր անձի հնարաւորութիւն կը տրուի կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ»,- ArmeniaSputnik-ին ըսած է ՀՀ-ի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:
Ըստ ընթացակարգին` անյանգստացնող ընթացիկ կամ ընդհանուր հարցերը, որոնք կը վերաբերին բարձրացուած խնդիրներուն, կը քննարկուին միայն իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքի անդամներուն հետ։
Աւելի վաղ «ժողովուրդ» օրաթերթը գրած էր, որ ԼՂ-ի նախկին ղեկավարներ Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ԼՂ ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի առողջական վիճակը վատացած է: