Սեպտեմբեր 3-էն 15-ին Ղրղըզիստանի մէջ պիտի կայացուին ՀԱՊԿ «Փոխգործակցութիւն-2024» հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւնները։
ՀԱՊԿ պաշտօնական կայքի տեղեկատուութեան համաձայն, զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղրղըզիստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները։
Կը նշուի, որ հայկական կողմը տեղեկացուցած է, որ չի նախատեսեր մասնակցիլ զօրավարժութիւններուն։