Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւը Մեղադրած Է Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Եւ ԵՄ-ի Մէջ «Ատրպէյճանի Դէմ Անարդար Գործունէութեան» Համար

Ալիեւը Մեղադրած Է Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Եւ ԵՄ-ի Մէջ «Ատրպէյճանի Դէմ Անարդար Գործունէութեան» Համար

by MassisPost

«Երբ Ատրպէյճանը ազատագրեց իր հողերը բռնագրաւումէն, Ֆրանսան ցոյց տուաւ իր իրական դէմքը»,- Պաքուի մէջ յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ընդունելով Ատրպէյճանի մէջ Պուրքինա Ֆասոյի նորանշանակ դեսպան Վինթա Սոմայի հաւատարմագրերը։

Ալիեւը մեղադրած է Ֆրանիան ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան մէջ «Ատրպէյճանի դէմ անարդար գործունէութիւն ծաւալելու» համար։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտնած էր, որ վերջին տասնամեակին Ատրպէյճանը շատ աւելի զինուած է, քան Հայաստանը՝ նկատելով, որ Ատրպէյճանն էր որ 2020-ին պատերազմ սկսաւ:

Պաքուն արձագանգած էր, թէ Մաքրոնի տեսակէտերը՝ Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ բացայայտ կողմնակալ դիրքորոշում ցուցաբերելու, տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ գործընթացը խոչընդոտելու եւս մէկ վառ օրինակ են։

Ֆրանս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կտրուկ սրած են 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր։ Փարիզը պարբերաբար քննադատած է Ալիեւի վարչակազմը, միաժամանակ, սակայն, խուսափած է պատժամիջոցներ կիրառելէ՝ թէեւ նման պահանջ հնչեցուած է ընդհուպ Մաքրոնի մերձաւոր խմբակիցներուն կողմէ։

Պաքուն կը մեղադրէ Փարիզը՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը խաթարելու», «միակողմանի մօտեցման ու հայամէտ դիրքորոշման» «Հայաստանը զինելու» համար՝ փաստացի պոյքոթելով Ֆրանսայի մասնակցութեամբ բանակցային բոլոր հանդիպումները։ Երեւանն ու Փարիզը պարբերաբար կը շեշտեն՝ Ֆրանսան Հայաստանին միայն պաշտպանական սարքաւորումներ կը տրամադրէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment