Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զեյայի յայտարարութիւնը այն մասին, որ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչը կ’աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։
«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ ՀՀ զինուած ուժերու բարեփոխումներու շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԱՄՆ-էն եւ միջազգային այլ գործընկերներէ ստացած է եւ կը ստանայ խորհրդատուական աջակցութիւն, որ կրնայ կրել կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ բնոյթ։
Թեմային վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն չեն յայտնած՝ նշելով, որ ամերիկեան կողմը արդէն իսկ հանդէս եկած է համապատասխան պարզաբանումներով։
ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զեյան Յուլիս 18-ին «Հետք»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած էր, որ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչը պիտի աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։ Թեմային վերաբերեալ «Արմէնփրես»-ը յաւելեալ պարզաբանում խնդրած էր նաեւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն։ Դեսպանատունէն նշած էին, որ Ուաշինկթընը մտադիր է աջակցիլ Երեւանին անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցով։