ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելած է «Արագած» ընկերութիւն, որ կը զբաղի ռազմական եւ պաշտպանական սարքի արտադրութեամբ։
Ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է 1992 թուականին, այժմ մասնագիտացած է ռազմական կիրառման ելեկտրոնային սարքերու նախագծմամբ, մշակմամբ եւ արտադրութեամբ։
Ընկերութեան ղեկավար Յովհաննէս Ղարիպեանի ուղեկցութեամբ նախարարը շրջած է ընկերութեան մէջ, ծանօթացած է վերջին շրջանի բարեփոխումներուն, արտադրական ծաւալներուն։
Այս ընկերութեան մէջ ամբողջութեամբ նախագծուած եւ պատրաստուած է հակահրասայլային «Ֆագոտ» համակարգի համար ջերմադիտարկման սարքը։ Ընկերութեան տնօրէնը նշած է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նման սարքեր կ’արտադրուին, հայկականը իր որակով չի զիջիր անոնց, իսկ գինը մօտ 4 անգամ աւելի աժան է:
Յովհաննէս Ղարիպեան ընդգծած է, որ արտադրուող տեսականին ամբողջութեամբ կը կիրառուի ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, սակայն արտադրական ծաւալներն ու գործարանի հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան յառաջիկային մտածել նաեւ արտահանման մասին։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ անձնակազմի համալրման խնդիրին։ Նշուած է, որ վերջին 10 տարիներու ընթացքին ընկերութեան աշխատակազմը գրեթէ տասնապատկուած է։ Աշխատակիցները բարձր որակաւորում ունեցող արհեստագէտներ, ելեկրոնային սարքերու հետ աշխատող մասնագէտներ, բնագէտներ եւ ծրագրաւորողներ են։ Առաջարկ եղած է նաեւ նախարարութեան կողմէ ճարտարապետական կրթութեան ուղղութեամբ համատեղ ծրագիր իրականացնելու վերաբերեալ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արտադրական տարածքներու ընդլայնման, նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծման հնարաւորութիւնները, անոնց իրականացման տարբերակները։
Մխիթար Հայրապետեան իր աջակցութիւնը յայտնած է նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծման ուղղութեամբ, կարեւորած է ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի տեւական զարգացման ու ընդլանման ուղղուած ծրագրերու իրականացումը, որ հնարաւորութեան պիտի տայ աւելի մեծ արժէք ստեղծելու տնտեսութեան ռազմարդիւնաբերութեան ճիւղին մէջ։
Յատկանշական է, որ 2018 թուականէն ի վեր քանի մը անգամ աւելցուած են պաշտպանական ոլորտին մէջ գիտատեխնիկական հետազօտութիւններու համար տրամադրուող գումարները, ինչի շնորհիւ ռազմարդիւնաբերական համալիրի հայաստանեան շարք մը ընկերութիւններ, այդ շարքին նաեւ «Արագած» ընկերութիւնը, ընդլայնած են մշակումներու շրջանակն ու արտադրութեան ծաւալները։