Մարկարայի անցակէտը վաղուց պատրաստ է սպասարկելու երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցող անձերու։
Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին նշեց ՊԵԿ նախագահ Ռուստամ Բադասեանը։
Հարցումին՝ երբուընէ՞ անցակէտը պիտի սպասարկէ, վերջինս նկատեց, թէ անոր համար քաղաքական որոշում անհրաժեշտ է։
«Անցակէտն այսպէս, թէ այնպէս պէտք է կառուցուէր ու կառուցուել է։ Եղել է նախնական պայմանաւորուածութիւն, դրա շրջանակներում մենք աշխատել ենք, կէտը պատրաստի վիճակի ենք բերել, եւ երբ քաղաքական որոշում լինի, պատրաստ ենք սպասարկելու»,- ըսաւ ան։
Ինչ կը վերաբերի թրքական կողմը անցակէտին վրայ կատարուող աշխատանքներուն, Բադասեան նշեց, թէ այդ մասին տեղեկութիւններ չունի եւ յաւելեց. «Մի գուցէ իրենց կէտը կարիք չունի լրացուցիչ աշխատանքների, կամ ունի, չեմ կարող ասել»։