Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԳՇ Պետը Լոնտոնի Մէջ Հանդիպած Է Բրիտանական Բանակի ԳՇ Պետին Հետ

ՀՀ ԳՇ Պետը Լոնտոնի Մէջ Հանդիպած Է Բրիտանական Բանակի ԳՇ Պետին Հետ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը Լոնտոնի մէջ մասնակցած է Ցամաքային պատերազմավարման հարցերուն նուիրուած ամէնամեայ համաժողովին։

Ըստ հայկական կողմին` համաժողովին նպատակն էր, մասնաւորապէս, ուսումնասիրել պատերազմավարման ցամաքային տիրոյթին մէջ առկայ սպառնալիքները, անոնց դիմագրաւման հնարաւոր ուղիները, գործընկերային լուծումները։

 

Համաժողովի շրջանակին մէջ Ասրեան հանդիպում ունեցած է բրիտանական բանակի գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար Ռոլանտ Ուոքըրի հետ, քննարկած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առկայ համագործակցութեան շրջանակը եւ անոր հետագայ զարգացման ու ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

2023-ի Նոյեմբերի վերջաւորութեան Լոնտոնի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի նոր դեսպանատունը, տրուեցաւ Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական երկխօսութեան մեկնարկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment