Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Ճանապարհին Միակ Խոչընդոտը ՀՀ Սահմանադրութիւնն Է. Ամիրպեքով

Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Ճանապարհին Միակ Խոչընդոտը ՀՀ Սահմանադրութիւնն Է. Ամիրպեքով

by MassisPost

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը զգալի յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ձեւակերպման հարցով: Հատսընի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ժամանակ այս մասին ըսած է այցով ԱՄՆ գտնուող՝ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարություններու հարցվ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը։

«Երկու երկիրներուն համար ալ պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է՝ փակելու թշնամութեան էջը, փոխելու հարաւկովկասեան տարածաշրջանի տեղամասը, զայն վերածելու բարիդրացիութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջանի։ Այս գործընթացը վաղուց կ’ընթանայ։ Միջնորդութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին շուրջ 30 տարիէ։ Սակայն անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին երկու երկիրներն ալ որոշեցին, որ բանակցութիւններու վարման եւ աւարտին հասցնելու ամենաարդիւնաւէտ եւ խոստումնալից ձեւաչափը երկկողմ եւ ուղիղ ձեւաչափն է։ Այդ ժամանակէն ի վեր զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է, այդ շարքին՝ փոխվստահութեան հաստատման եւ որոշակի գործընթացներու շարունակման, ընդ որում՝ դիւանագիտական աջակցութեան փոխանակման, որոշ կալանաւորներու ազատ արձակման եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ գործնական աշխատանքի մեկնարկի հարցերով»,- նշած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարություններու հարցով ներկայացուցիչը։

Ամիրպեքովը յայտնած է, թէ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին միակ խոչընդոտը իրենց համար կը մնայ ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment