Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-Օրեայ Պատերազմին Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովին Զեկոյցը Աւարտական Փուլ Կը Բերուի. Անդրանիկ Քոչարեան

44-Օրեայ Պատերազմին Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովին Զեկոյցը Աւարտական Փուլ Կը Բերուի. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովին զեկոյցը աւարտական փուլ կը բերուի՝ ամփոփելով ութերորդ գումարման 7-րդ նստաշրջանի ընթացքին կատարած աշխատանքները, տեղեկացուցած է խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը:

Անոր խօսքով՝ մեծ ծաւալի աշխատանքներ իրականացուած են, եւ կարելի է ըսել՝ զեկոյցը 90 տոկոսով աւարտուած վիճակի մէջ է: Քոչարեանը, սակայն, չէ նշած, թէ երբ պիտի հրապարակուի այն:

Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հանգամանքները քննող յանձնաժողովը ստեղծուած էր 2022-ի Փետրուարին, այն գործած է շուրջ մէկուկէս տարի, ուսումնասիրած է տասնեակ ժամերու հասնող տեսաձայնագրութիւններ, գաղտնի փաստաթուղթեր, լսած է հրաւիրեալ տասնեակ պաշտօնեաներ, այդ շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment