Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչները հայկական կողմի պահպանութեան յանձնեցին «Զուարթնոց» օդային անցակէտի պետական սահմանը։
Արձանագրութիւնը ստորագրեցին ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեանը եւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան պետ, զօրավար-լեյթենանթ Ռոման Կոլուպիցքին:
Երեւանի «Զուարթնոց» օդային անցակէտին վրայ յանձնման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն ղեկավարութիւնն ու անձնակազմը: