Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Է Վերադառնալ Բանակցային Սեղանի Շուրջ․ Միշէլը Նամակ Գրած Է Ալիեւին Եւ Փաշինեանին․ Politico

Պէտք Է Վերադառնալ Բանակցային Սեղանի Շուրջ․ Միշէլը Նամակ Գրած Է Ալիեւին Եւ Փաշինեանին․ Politico

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Յուլիս 18-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակին մէջ երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ՝ փորձելով վերաաշխուժացնել կողմերուն միջեւ խաղաղութեան շուրջ ընթացող բանակցութիւնները։

Այս մասին յայտնած է POLITICO-ն՝ վկայակոչելով երկու բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ ունեցած զրոյցը։

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ կը վերսկսի Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը, քանի որ պատերազմէն տուժած տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը մեծնայ:

Կը հաղորդուի, որ Շարլ Միշէլը նաեւ նամակ գրած է երկու կողմերուն՝ կոչ ընելով վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ յառաջընթաց արձանագրելով տակաւին չլուծուած հարցերու մէջ, ինչպիսին է, օրինակ, սահմաններու սահմանազատումը:

Այդուհանդերձ, Պրիւքսէլի մէջ կ’աճի հիասթափութիւնը այն բանէն յետոյ, երբ ամիսներ տեւած ձգձգումները եւ դիւանագիտական ​​փակուղին այդպէս ալ չեն կրցած երկար սպասուած զինադադարը իրականութիւն դարձնել։

«Չնայած Միշէլի հետ հանդիպումներուն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չկրցան հնարաւորութիւն գտնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու համար՝ իրար մեղադրելով առճակատման մէջ։

Ի վերջոյ, երկու կողմերն ալ պէտք է դադրին խաղեր խաղալէ եւ կնքեն համաձայնագիրը, քանի որ նախագահ Միշէլը ԵՄ-ի ուժերու սահմաններուն մէջ ըրած է հնարաւոր ամէն ինչ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Շարլ Միշէլին մօտ կանգնած ԵՄ բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment