Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խամենէի «Զանգեզուրի Ճանապարհը Հայաստանի Համար Վնասակար Է»

Խամենէի «Զանգեզուրի Ճանապարհը Հայաստանի Համար Վնասակար Է»

by MassisPost

Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին, Թեհրանի մէջ ընդունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, կարծիք յայտնած է, որ «Զանգեզուրի ճանապարհը Հայաստանի համար վնասակար է»։

«Իրանը կը շարունակէ մնալ այդ տեսակէտին»,- յաւելած է Խամենէին։

Իսլամական հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդը նաեւ նշած է, որ արտատարածաշրջանային ուժերու միջամտութիւնը այստեղ գտնուող պետութիւններու յարաբերութիւններուն օգտակար չէ։

Ըստ վարչապետի գրասենեակին՝ զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտուած քայլերը՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:

Փաշինեան այսօր մեկնած է Իրան՝ մասնակցելու Փեզեշքիանի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան: Ան նաեւ հանդիպած է Իրանի նորընտիր նախագահին հետ։

Վերջինս նշած է, որ Թեհրանը կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը։ Փեզեշքիան կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment