ԵՄ-ն առաջին անգամ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ։ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինուած ուժերուն նիւթատեխնիկական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներուն մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման:
Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը ստեղծուած է 2021 թուականին՝ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ։ Հիմնադրամը ԵՄ-ին թոյլ կու տայ ֆինանսաւորել այնպիսի գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են երրորդ պետութիւններու եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կարողութիւններու հզօրացման, որոնք կ’առնչուին ռազմական եւ պաշտպանական հարցերուն:
ԵՄ Խորհուրդի՝ արտաքին գործերու նախարարներուն կողմէ կայացուած որոշումներուն առնչութեամբ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած է.
«Մենք մեծապէս ողջունում ենք ԵՄ կողմից՝ արտաքին գործերի նախարարների մակարդակով կայացուած պատմական որոշումները Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի ներքոյ Հայաստանին աջակցութեան տրամադրման եւ վիզայի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի վերաբերեալ։
“Սա ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան շատ կարեւոր փուլ է, գործընկերութիւն, որը խորանում է՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքների եւ սկզբունքների, ինչպէս նաեւ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան տեսլականի վրայ։ Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն եմ յայտնում ԵՄ կառոյցների եւ անդամ երկրների իմ գործընկերներին»։
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան գրառում կատարած Է X-ի իր էջով՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներուն՝ Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի շրջանակին մէջ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու մասին որոշման համար:
«Համագործակցութեան այս արդիւնքը, որ հիմնուած է Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ փոխադարձ վստահութեան եւ ընդհանուր շահերի վրայ, նպատակ է հետապնդում ամրապնդելու ՀՀ պաշտպանական կարողութիւնները: Վստահ եմ՝ սա նոր լիցք կը հաղորդի ԵՄ անդամ հանդիսացող գործընկեր երկրների հետ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան սերտացմանը»,- գրած է Պապիկեան: