Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Շահագրգռուած Է Աւելի Ընդլայնելու Երկխօսութիւնը. Պորէլ

ԵՄ-ն Շահագրգռուած Է Աւելի Ընդլայնելու Երկխօսութիւնը. Պորէլ

by MassisPost

ԵՄ-ն առաջին անգամ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ։ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթատեխնիկական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներուն մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման:

Որոշումը կայացուած է Հայաստանի հետ ԵՄ գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ եւ հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ, ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման։ Այն նաեւ նպատակ ունի բարձրացնել Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագացնել զինուած ուժերու փոխգործունակութիւնը հետագային երկրին կողմէ միջազգային, այդ շարքին՝ ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած ռազմական առաքելութիւններուն ու գործողութիւններուն հնարաւոր մասնակցութեան պարագային։

Ըստ որոշման՝ աջակցութիւնը թոյլ պիտի տայ գումարտակի չափով ստորաբաժանման համար ապահովել լիարժէք վրանային ճամբար:

«Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը կարեւոր տարր է։ Բարձր ներկայացուցիչը նշած է, որ ԵՄ-ն փոխադարձ շահագրգռուածութիւն ունի աւելի ընդլայնելու իր երկխօսութիւնը արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ նաեւ դիտարկելով Հայաստանի ապագայ մասնակցութիւնը ԵՄ-ի գլխաւորած առաքելութիւններոըն եւ գործողութիւններուն»,- ըսած է ԵՄ արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը։

«ԵՄ-ն հաւատարիմ է Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը ընդլայնելուն՝ հիմնուած ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին վրայ եւ ալ աւելի ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր հարթութիւններուն վրայ: Սա կը ներառէ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան աշխուժացում, որ կը ներառէ նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը»,- կ’ըսուի ԵՄ Խորհուրդի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment