Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրած է COP29 գագաթաժողովին:
Այս մասին Յուլիս 21-ին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
«Հրաւէրը ուղարկուած է խաղաղութեան գործընթացի լոյսին տակ, որուն նպատակն է վերջ դնել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան: Մինչ օրս պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան: Մուխթար Պապաեւը՝ COP29-ի նախագահը, հրաւէրի նամակ յղած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին։ Մենք պաշտօնական հրաւէր ուղարկած ենք: Հիմա ժամանակն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացնէ»,- ըսած է Հաճիեւը: