Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Շոլցին Ներկայացուցած Է Հայկական Կողմին Դիրքորոշումները Սահմանազատման Գործընթացին Վերաբերեալ

Փաշինեան Շոլցին Ներկայացուցած Է Հայկական Կողմին Դիրքորոշումները Սահմանազատման Գործընթացին Վերաբերեալ

by MassisPost

Պլենհայմեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ:

Զրուցակիցները կարեւորած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերուն իրականացումը:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է հայկական կողմին սկզբունքային դիրքորոշումները սահմանազատման գործընթացին, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:

Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման քայլերուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան իրականացուցած եւ յառաջիկային նախատեսուող երկարաժամկէտ ծրագրերու, այդ շարքին՝ բնակարանային ապահովման ծրագրին վերաբերեալ: Բռնի տեղահանուածներուն կարիքները հասցէագրելու գործին մէջ կողմերը կարեւորած են նաեւ միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment