Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Շատ Աւելի Լաւ Սպառազինուած Է. Մաքրոնը՝ Հայաստանի Հետ Ռազմական Համագործակցութեան Մասին

Պաքուն Շատ Աւելի Լաւ Սպառազինուած Է. Մաքրոնը՝ Հայաստանի Հետ Ռազմական Համագործակցութեան Մասին

by MassisPost

Ինքնապաշտպանութեան համար գործընկերներուն զէնք-զինամթերք մատակարարելը բնական է։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին՝ մեկնաբանելով Հայաստանին սպառազինութեան մատակարարումներուն վերաբերեալ ատրպէյճանցի լրագրողին հարցը։

«Ինքնիշխան երկրի խնդրանքին պատասխանելը, որ կը փափաքի սպառազինուիլ, զգալով որ կրնայ յարձակման ենթարկուիլ մէկ այլ պետութեան կողմէ, բնական է: Եւ ես երբեք չեմ լսած վարչապետ Փաշինեանէն, որ ան պատերազմի կամ յարձակման ծրագիր ունենայ»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը եւ յաւելած. «Սահմաններու սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Ես հպարտ եմ, որ մենք Փրակի մէջ ստորագրեցինք սահմաններու սահմանազատման մասին յուշագիր՝ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ։ Յոյսով եմ, որ բանակցութիւնները յաջողութեամբ կ’աւարտին»:

Ինչպէս նկատած է Մաքրոն, վերջին տասնամեակին ընթացքին Ատրպէյճանը զինուած է շատ աւելի լաւ, քան Հայաստանը։

«Եթէ նայիք, ապա վերջին տասնամեակին Ատրպէյճանը կարծես շատ աւելի լաւ սպառազինուած է, քան Հայաստանը: Եւ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ (ուղղեցէք ինձ, եթէ կը սխալիմ), Ատդրպէյճանն է որ 2020 թուականին սարսափելի պատերազմ սկսած է»,- յայտնած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ եթէ Երեւանն ու Պաքուն աւարտին հասցնեն խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը, Փարիզը պիտի աջակցի անոր։

«Ես կը կարծեմ, որ ռազմական տեսակէտէն որեւէ երկրի հետ համագործակցութիւնը միանգամայն բնական երեւոյթ է միջազգային կիրառման մէջ: Հայաստանի հեռանկարը խաղաղութիւնն է, Ֆրանսայի հեռանկարը խաղաղութիւնն է։ Իսկապէս յոյսով եմ, որ Ատրպէյճանի հեռանկարը նոյնպէս խաղաղութիւնն է: Եւ եթէ երկու երկիրները աւարտեն աշխատանքը խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ, մենք պիտի աջակցինք անոր»,- եզրափակած է Մաքրոն։

Պաքուն ջղաձգուած է նախագահ Մաքրոնի՝ Ատրպէյճանի մասին յայտարարութիւններէն։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը մեկնաբանութեան մէջ, մասնաւորապէս, ափսոսանք կ’արտայայտէ, որ «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կ’արդարացնէ Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը եւ կը դրսեւորէ բացայայտ կողմնակալ դիրքորոշում Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչ որ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղութեան գործընթացին խոչընդոտելու Ֆրանսայի փորձերուն եւս մէկ վառ օրինակ է»։

«Ատրպէյճանը ֆրանսական կողմին «կը յիշեցնէ», որ «պատերազմը վարած են Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, որպէսզի վերջ դնեն Հայաստանի 30-ամեայ բռնագրաւման, եւ ատիկա միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ եղած է մեր երկրի օրինական իրաւունքը: Ատրպէյճանի որեւէ ջանք, այդ շարքին՝ իր ռազմական ներուժի հզօրացումը, ուղղուած եղած է եւ ուղղուած է արդարացի նպատակին։ Սակայն այդ կարելի չէ ըսել Հայաստանի մասին, որ բռնագրաւող պետութիւն է»:

«Կ’ուզենք նաեւ յիշեցնել, որ Ֆրանսայի նման պետութիւններու քաղաքականութիւնն էր, որ չնպաստեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, թոյլ չտուաւ դադրեցնել Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումը, որ գրեթէ 30 տարի կոծկեց Հայաստանի յարձակումը: Հաշուի առնելով վերը նշուածը՝ մենք եւս մէկ անգամ կը յայտարարենք, որ Ֆրանսայի ջանքերը, որոնք չեն ծառայեր խաղաղութեան եւ կը խաթարեն տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը, որեւէ արդիւնք պիտի չտան»,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի մեկնաբանութեան մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment