Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուսումնավարժական Թռիչքի Ժամանակ Ինքնաթիռ Արկածի Ենթարկուած Է

Ուսումնավարժական Թռիչքի Ժամանակ Ինքնաթիռ Արկածի Ենթարկուած Է

by MassisPost

Կոտայքի մարզին մէջ ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ինքնաթիռ արկածի ենթարկուած է: Ներքին գործերու նախարարութենէն փոխանցեցին, որ երկու զոհ կայ։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն  փոխանցեցին, որ արկածի ենթարկուած ինքնաթիռը ուսումնամարզական էր՝ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուած օդաչուներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Ինքնաթիռը կործանուած է Եղուարդ քաղաքի մօտակայքին՝ «Լճեր» կոչուող տարածքին մօտ։ ՆԳՆ-ն կը նշէր, որ նախնական տուեալներով, կործանուած է «Ան-2» ինքնաթիռը։ «Ազատութեան» տուեալներով, արկածի ենթարկուած ինքնաթիռը «Եակ-52» է:

Թէ ինչը եղած է արկածին պատճառը, դեռ յայտնի չէ։

Դէպքի վայրին մէջ քննչական գործողութիւններ կ’իրականացուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment