Պլենհայմեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին: Կարեւորուած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած ջանքերը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման շուրջ: