Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ մասնակցած է «Պաշտպանելով եւ ապահովելով ժողովրդավարութիւնը» խորագրով կլոր-սեղան քննարկման:
Քննարկման մասնակցած են նաեւ այլ երկիրներու առաջնորդներ եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ: Փակ ձեւաչափով անցած քննարկման վարչապետ Փաշինեանը հանդէս եկած է ելոյթով:
Գագաթաժողովի շրջանակին մէջ կը սպասուին Նիկոլ Փաշինեանի այլ հանդիպումներ միջազգային գործընկերներու հետ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միացեալ Թագաւորութեան Պլենհայմեան պալատին մէջ կը մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովին:
Նախ տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու ղեկավարներու դիմաւորման արարողութիւնը: ՀՀ վարչապետին եւ միւս երկիրներու առաջնորդներուն դիմաւորած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ, սըր Քիր Սթարմըրը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է միջոցառման բացման եւ մասնակիցներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:
Միջոցառման շրջանակին մէջ վարչապետը կը շարունակէ երկկողմ հանդիպումներ ունենալ այլ երկիրներու գործընկերներու հետ: