Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի Անդամակցութիւնը Խոչընդոտ Չէ Ուաշինկթընի Հետ Աւելի Խոր Պաշտպանական Համագործակցութեան Համար. Զեյա

ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի Անդամակցութիւնը Խոչընդոտ Չէ Ուաշինկթընի Հետ Աւելի Խոր Պաշտպանական Համագործակցութեան Համար. Զեյա

by MassisPost

Այցով Հայաստան գտնուող ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զեյեան հարցազրոյց տուած է «Հետք»-ին, որուն ժամանակ խօսած է նաեւ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան մասին:

Հարցազրոյցի նշուած հատուածը կը ներկայացնենք ստորեւ.

– Յուլիսի 15-ին մեկնարկած են հայ-ամերիկեան երկրորդ զօրավարժութիւնները։ Արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ ռազմական համագործակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ կը խորանայ։ Հնարաւո՞ր է, որ Ֆրանսայի պէս Միացեալ Նահանգները աջակցի Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու զարգացման եւ զինուած ուժերու բարեփոխման։

– «Արծիւ Գործընկեր» զօրավարժութեան հետ կապուած՝ կ’ուզեմ ընդգծել, որ այն նախապէս ծրագրաւորուած զօրավարժութիւն է՝ միտուած կանոնաւոր ուսուցումներու իրականացման, պատրաստականութեան եւ փոխգործելիութեան մեծացման եւ խաղաղապահ գործողութիւններուն։ Այս ջանքերե կ’առաջնորդէ ամերիկեան կողմը՝ մեր պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով։ Ըլլալով Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ՝ մանրամասնութիւններու ներկայացումը ես կը փափաքէի վերապահել պաշտպանութեան նախարարութեան իմ գործընկերներուն։

Սակայն ես կ’ուզեմ նշել, որ պաշտպանական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ասպարէզներուն մէջ կը տեսնենք մեր երկարամեայ դրական համագործակցութեան խորացում։ Նշեմ պաշտպանութեան նախարարութեան «Նահանգային գործընկերութեան» ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Քանզաս նահանգի ազգային զօրախումբին միջեւ համագործակցութիւնը։ Իսկ Պետական Քարտուղարութեան մասով, իմ ղեկավարութեան ներքոյ կը գործէ Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան բիւրօն, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին հիմնական գործընկերն է ոստիկանութեան կարողութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման ասպարէզին մէջ եւ կ’աջակցի մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքի, իրաւունքի գերակայութեան ապահովման, փտածութեան դէմ պայքարի եւ թափանցիկութեան մեծացման հարցերուն մէջ։ Այս համագործակցութեան բազմաթիւ դրական արդիւնքներէն մէկն ալ պարեկային ծառայութեան ձեւաւորումն է Հայաստանի մէջ։

Ի դէպ, ներքին գործերու նախարարին հետ առիթ ունեցայ ըլլալու պարեկային ծառայութեան գլխամասային գրասենեակին, գործնական կառավարման կեդրոնի եւ պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի նոր մասնաշէնքերուն մէջ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի կառավարութեան եւ ԱՄՆ կառավարութեան ներդրումները մարդակեդրոն եւ իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք ապահովող ոստիկանական ծառայութիւններու ապահովման ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ ոստիկանութիւնը աւելի մեծ հանրային վստահութիւն պիտի ունենայ եւ աւելի սերտ կապեր պիտի ըլլան իրաւապահներուն եւ անոնց կողմէ սպասարկուող համայնքներուն միջեւ։ Կը կարծեմ՝ սա նաեւ ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարական բարեփոխումը, մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքի մեծացումը կրնայ յանգեցնել աւելի ապահով ու անվտանգ միջավայրի ապահովման բոլորին համար։

– Արդեօք Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ անդամակցութիւնը խոչընդո՞տ է հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան խորացման համար։ Կրնա՞յ անդամակցութեան դադրեցումը խթանել այդ համագործակցութիւնը։

– ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը կ’որոշէ բացառապէս Հայաստանի կառավարութիւնը։ Մենք կը յարգենք այդ որոշումը։ Նշեմ, որ մեր համագործակցութիւնը պաշտպանական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան հարցերու մէջ կը շարունակէ խորանալ, իսկ Հայաստանը կը մնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ։ Երրորդ եւ վերջին դիտարկումս․ չկայ որեւէ փաստարկ, որ Ռուսաստանի ռազմական ներկայութիւնը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment