Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներու Համար Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի Կայքին Մէջ Հրապարակուած Են Բնակելի Տուներու Կառուցման Նախագիծեր

ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներու Համար Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի Կայքին Մէջ Հրապարակուած Են Բնակելի Տուներու Կառուցման Նախագիծեր

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ բնակելի տուներու կառուցման նպատակով շահառուները կրնան օգտուիլ օրինակելի նախագիծերէն։

Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի պաշտօնական www.minurban.am կայքի «ուղեցոյցներ» բաժնին մէջ հրապարակուած են արտօնագրուած կազմակերպութիւններու կողմէ մշակուած նախագծանախահաշուային փաստաթուղթեր, որոնք անցած են փորձաքննութիւն եւ համաձայնեցուած են կոմիտէին հետ։

Առանձնացուած են 40 քմ, 60 քմ, 75 քմ, 90 քմ եւ 120 քմ մակերեսներով բնակելի տուներու նախագիծեր, որոնք ներկայացուցած են 5 կազմակերպութիւններ։ Հետագային նոր առաջարկները եւս պիտի ներառուին այս բաժնին մէջ։

Հրապարակուած 18 նախագիծերէն ութ աւանդական կառոցուածքներով՝ քարէ կրող պատերով եւ երկաթպեթոնէ հիմնակմախքով, իսկ տասը արագ կառուցուող տուներու նախագիծեր են, որոնք կը ներառեն 1 քառակուսի մեթրի կողմնորոշիչ արժէքը, նախահաշիւ, ծաւալաթերթ, բացատրագիր։

Նախընտրած տարբերակը ընտրելէ յետոյ տուներու կառուցման համար անհրաժեշտ է դիմել շինարարութիւն իրականացնող արտօնագրուած կազմակերպութիւններուն, որոնց ցանկը հրապարակուած է կոմիտէի կայքին մէջ (https://minurban.am/hy/NK_project_catalogue), կամ նախագիծը հեղինակած ընկերութեան։

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրին կարելի է դիմել աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ստեղծած հարթակով։ Ծրագրին մանրամասնութիւնները ներկայացուած են bnakavayr.am  տեղեկատուական հարթակին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment