Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյան անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:
Վարչապետի աշխատակազմին փոխանցմամբ՝ պետական քարտուղարին տեղակալը ընդգծած է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ իրական խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր: Այս ծիրին մէջ, կարեւորուած է միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը:
Պետական քարտուղարի տեղակալին խօսքով՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը ԱՄՆ վարչակազմը մեծապէս կը կարեւորէ եւ մեր երկրին ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղուած գիտարուեստական ու ֆինանսական աջակցութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան 300 դպրոցներու եւ 500 մանկապարտէզներու, ինչպէս նաեւ Ակադեմական քաղաքի ծրագրերուն:
ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյան Թիֆլիսէն ժամանած է Երեւան: