Ֆրանսական «միսթրալները» փոքր հեռահարութեան համակարգեր են, այնուհետեւ պէտք է ըլլան նաեւ աւելի հեռահար համակարգեր, ատիկա սկիզբ է եւ, ի հարկէ, այդ համակարգերու մատակարարման վրայ աշխատանքը կը շարունակուի, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ «Ընդլայնուած Եւրոպա» ծրագրի քաղաքականութեան մասով աւագ գիտաշխատող Կուսթավ Կրեսելը։
Իսկ, թէ ինչպէս օգտագործել այդ համակարգերը, ըստ փորձագէտին, աշխատանքներ կը տարուին հայ զինուորներու նախապատրաստման ուղղութեամբ։
«Սա վարդապետութեան իմաստով արեւմտայնացման սկիզբ է: Դուք հնարաւորութիւն ունիք շփուելու ֆրանսացի սպաներու հետ, հայ զինուորները կը վերապատրաստուին՝ սորվելով, թէ ինչպէս արեւմտեան բանակը կը պատրաստուի կռուելու։ Եւ ատիկա պիտի փոխէ նաեւ Հայաստանի գործողութիւններուն կանխատեսելիութիւնը»,- ըսաւ Կրեսելը՝ պարզաբանելով. «Մարտավարական գործնական առումով խնդիրը այն է, որ, ի հարկէ, իմանալով կռուելու խորհրդային եղանակը՝ Ատրպէյճանը նախորդ պատերազմին կրնար շատ լաւ կանխատեսել, թէ ինչ պիտի ընէին կամ չէին ըներ հայ սպաները այս կամ այն իրավիճակին մէջ։ Եւ այս կանխատեսելիութիւնը օգնեց անոնց նաեւ սեփական գործողութիւնները ծրագրաւորելու հարցով, որոնք այն ժամանակ, ի հարկէ, բաւականին յաջող էին։ Իսկ, եթէ դուք այլ կերպ կռուիք, թշնամին չի կրնար պատրաստուիլ այնպէս, ինչպէս ան պիտի պատրաստուէր, երբ հիանալի գիտէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ միւս կողմը: Եւ պէտք չէ թերագնահատել միւս կողմին անակնկալի մատնուիլը ու անապահով ըլլալը՝ որպէս զսպող գործօն»,- ըսաւ փորձագէտը։
Կրսելը նաեւ տեղեկացուց, որ անցեալ տարուայ աշնան Հայաստանը ձեռք բերած է առեւտրային անօդաչու սարքեր, որոնք քիչ թէ շատ հայկական կողմը յաջողութեամբ օգտագործած է սահմանամերձ շրջաններու մէջ։
«Ասոնք հիմնականին մէջ առեւտրային ջերմային պատկերման քառաքոփթերներ եւ օքթոքոփթերներ են, որոնք կ’օգտագործուին սահմաններու դիտարկման եւ հրետանիի եւ ականանետերու դիրքեր գտնելու համար: Այսպիսով, ատիկա, ի հարկէ, բան մըն է, որ բաւականին յաճախ կը կիրառուի, օրինակ, Ուքրանիոյ մէջ, եւ ատիկա այժմ կը կիրառուի նաեւ Մյանմարի, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ: Շատ երկիրներու մէջ, շատ պատերազմներու մէջ, դուք կը տեսնէք այս առեւտրային անօդաչու սարքերոգ կիրառումը, եւ Հայաստանը այժմ բացառութիւն չէ: Նաեւ, ի հարկէ, միւս կողմը կ’օգտագործէ զանոնք»,- ըսաւ Կրեսել՝ նշելով, որ անոնք բաւականին օգտակար են։
Հայաստանն ու Ֆրանսան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան պայմանագրեր ստորագրած են անցեալ տարի Հոկտեմբերին, անոնցմով Ֆրանսան Հայաստանին պէտք է ռատարներ եւ հրթիռներ տրամադրէ, խորհրդատուութիւն՝ բանակի բարեփոխումներու հարցով։
Երեւանը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ պաշտպանական զէնք գնել՝ անկախ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելէ յետոյ ինչ անվտանգային իրավիճակ պիտի ըլլայ։ Փետրուար 23-ին Հայաստանը ստացաւ պաշտպանական սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը։
Երեւան-Փարիզ այս համագործակցութիւնը յարուցեց Ատրպէյճանի դժգոհությունը եւ ա՛լ աւելի սրեց լարուածութիւնը պաշտօնական Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ։