Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած Են «Արծիւ Գործընկեր-2024» Հայ-Ամերիկեան Համատեղ Զօրավարժութիւնները

Մեկնարկած Են «Արծիւ Գործընկեր-2024» Հայ-Ամերիկեան Համատեղ Զօրավարժութիւնները

by MassisPost

Յուլիս 15-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիային մէջ ազդարարուած է «Արծիւ Գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան մեկնարկը։

ՊՆ Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ զօրավարժությեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը եւ այլք։

Հնչած են ՀՀ եւ ԱՄՆ պետական օրհներգերը, «Արծիւ Գործընկեր» զօրավարժութեան օրհներգը։ Զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած զինուորներուն ողջոյնի խօսք յղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եւ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվինը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է.

«Բարձր եմ գնահատում զօրավարժութեան նախապատրաստական գործընթացն մասնակցած Եւրոպայում եւ Ափրիկէում ԱՄՆ ցամաքային զօրքերի, Քանզասի ազգային զօրախումբի, որը 2 տասնամյակից աւել հանդիսանում է Հայաստանի գործընկերը, ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ զօրագունդի զինուորների, ԱՄՆ դեսպանութեան ներկայացուցիչների եւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի աշխատանքը զօրավարժութեան արդիւնաւէտ ծրագրաւորման գործում:

«Բարձր եմ գնահատում միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիությեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում բարձրացնելուն ուղղուած այս համագործակցութիւնը»։

Բացման արարողութիւնը ամփոփուած է հանդիսաւոր երթով:

Յիշեցնենք, որ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակին մէջ Յուլիս 15-24 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը։

Զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած են ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ զօրախումբի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային զօրաախումբի զինուորները:

Զօրավարժութիւնը կ’ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ։

Զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակին մէջ, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը:

Խաղաղապահ առաքելութիւններու նախապատրաստութեան շրջանակին մէջ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար կը մասնակցին նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու գործընկեր երկիրներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment