Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Կողմ Է Նախիջեւան-Սիւնիք Ճանապարհի Գործարկման՝ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Ներքոյ․ Սոպհանի

Իրանը Կողմ Է Նախիջեւան-Սիւնիք Ճանապարհի Գործարկման՝ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Ներքոյ․ Սոպհանի

by MassisPost

Թեհրանը կողմ է ճանապարհներու բացման՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ, հակառակը՝ միջազգային իրաւունքի դէմ է, «Ազատութեան» տուած բացառիկ հարցազրոյցին ըսաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին՝ պատասխանելով հարցումին, թէ որ՞ն է Իրանի դիրքորոշումը Պաքուի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով։

Դեսպանը նախ ընդգծեց՝ Ատրպէյճանի նեկայացուցած պահանջներուն շուրջ որոշում կայացնողը Հայաստանն է, բայց միեւնոյն ժամանակ շեշտեց՝ Իրանի դիրքորոշումը այդ հարցին վերաբերեալ հետեւեալն է՝ Թեհրանը կողմանակից է, դէմ չէ սահմանային ապաշրջափակման։

«Դուք հարեւան էք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, միշտ չէք կրնար թշնամութեան մէջ ըլլալ, եւ օր մը պիտի լուծէք այդ հարցերը անոնց հետ։ Եւ բնական է, որ երբ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, սահմանները պիտի բացուին։ Մենք կողմ ենք հաղորդակցային ուղիներու բացման՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Եւ սա պէտք է վերաբերի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն»,- ըսաւ դեսպանը։

Սոպհանի յիշեցրեց՝ Իրանը այսօր Նախիջեւանի հետ սահման ունի, եւ Ճուլֆայէն կրնայ երկաթգծով միանալ Երեւանին, եւ ճանապարհով՝ Շաթախթիէն Երասխին։

«Երթուղին շատ կը կարճնայ։ Այսինքն՝ Մեղրիէն Երեւան մօտաւորապէս 6 ժամուայ ճանապարհ է, իսկ Շաթախթիէն մինչեւ Երասխ ու Երեւան երեւի մէկ ժամէն ա քիչ կ’ըլլայ։ Այսինքն՝ եթէ բացուի ճանապարհը, բոլորը պիտի օգտուին։ Սա ոչ միայն արեւելք-արեւմուտք, այլեւ հիւսիս-հարաւին կը վերաբերի։ Բայց ապաշրջափակումը այդ բոլորը պէտք է ներառէ իր մէջ՝ երկիրներու ազգային ինքիշխանութեան շրջանակներուն մէջ», – ըսաւ դեսպանը՝ շեշտելով, որ ոչ ոք թոյլ պիտի չտայ, որ իր տարածքին մէջ իր օրէնքները չպահպանուին, ատիկա միջազգային իրաւունքի դէմ է եւ պէտք չէ այստեղ որեւէ բաժնեմաս ստեղծուի։ Եւ օգուտն ալ պէտք է վերաբերի բոլորին։

Անցած տարեվեջին Պաքուն յայտարարեց, թէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը»՝ նշելով, որ այդ ծրագիրը կրնայ իրականացնել Իրանի հետ։ Սակայն, այս տարեսկիզբէն Ատրպէյճանը հարցը կրկին օրակարգ բերած է՝ պնդելով, թէ Հայաստանը պէտք է Նախիջեւանի հետ ճանապարհ տրամադրէ՝ առանց մաքսային ու սահմանային վերահսկողութեան։

Պաշտօնական Երեւանը «Զանգեզուրի Միջանցք» ձեւակերպումը կը գնահատէ տարածքային նկրտում Հայաստանի նկատմամբ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment