Ռուսական կողմին կը մտահոգէ, որ Երեւանի հաւանութեամբ ԵՄ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կրնայ ստանալ մշտական կարգավիճակ։ Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
Կալուզինը նշած է նաեւ այս տարուայ Ապրիլին ԵՄ առաքելութեան կազմին մէջ Գանատայի ներկայացուցիչներու յայտնուիլը, ինչ որ, անոր կարծիքով, կը վկայէ Հարաւային Կովկաս ՆԱԹՕ-ի ներթափանցման մասին։ Ռուսական կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ ԵՄ առաքելութեան գործունէութիւնը ուղղուած է ռուսական կառոյցներու եւ Հայաստանի հարեւան պետութիւններու՝ Իրանի ու Թուրքիոյ վերաբերյալ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման։
«Բացասաբար կը գնահատենք ԵՄ առաքելութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչի մասին բազմիցս ըսած ենք: Եւրոմիութեան խնդիրը ակնյայտ է եւ կը կայանայ անոր մէջ, որ կը փորձէ ամրապնդուիլ տարածաշրջանին մէջ՝ ի վնաս աւանդական գործընկերներու եւ հարաւկովկասեան հարեւան պետութիւններուն՝ Ռուսաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ շահերուն»,-ըսած է Կալուզինը։
Ռուսաստանը, յաւելած է Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը, բազմիցս բացասական վերաբերմունք յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ դիտորդներուն աշխատանքը շօշափելի արդիւնքներ չէ բերած եւ չէ կանխած հայ-ատրպէյճանական սահմանին սրումը։ Ան նաեւ նշած է, որ առաքելութեան հաշուետուութիւնները կ’ուղարկուին անմիջապէս Պրիւքսէլ եւ չեն տրամադրուիր հայկական կողմին։
Ռուսաստանը համոզուած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հիման վրայ, ամփոփած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը։