Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յոյսով Ենք` Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կը Ստորագրուի. Էրտողան

Յոյսով Ենք` Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կը Ստորագրուի. Էրտողան

by MassisPost

Յոյսով ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրուի, եւ խաղաղութիւն կը հաստատուի։ Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին յաջորդած մամուլի ասուլիսի ժամանակ այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր կը համարէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի մինչեւ այս տարեվերջ։

«Մենք կը փափաքինք տեսնել այդ հաշտեցումը որքան հնարաւոր է շուտ»,- ըսած է Էրտողան` յաւելելով, որ այդ ուղղութեամբ  թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները դրական քայլեր կը նախաձեռնեն։ Ճիշդ չէ աշխարհը բաժնելը կամ անոր վրայ ստուեր նետելը տարածաշրջանին մէջ (Հարաւային Կովկասի մէջ)։ Մամուլի ասուլիսին այս մասին   ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը՝ պատասխանելով Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանը սպառազինելու մասին հարցումին։

էրտողան նշած է, որ հանդիպած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։

«Անհրաժեշտութեան պարագային մենք այդ թեմաները պիտի քննարկենք Մաքրոնի հետ։ Մենք շուտով դարձեալ պիտի հանդիպինք անոր հետ, եւ եթէ տարածաշրջանին մէջ բացասական միտումներ ըլլան, մենք այդ պիտի քննարկենք անոր հետ»,- յաւելած է Թուրքիոյ նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment