Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Իր Տարածքէն Դուրս Յաւակնութիւններ Չունի, Պատրաստ Է Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքելու. Ռուբինեան

ՀՀ-ն Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Իր Տարածքէն Դուրս Յաւակնութիւններ Չունի, Պատրաստ Է Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքելու. Ռուբինեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է շարունակելու Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացը եւ սեղմ ժամկէտի մէջ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիր։

ՊՐԻՔՍ-ի 10-րդ խորհրդարանական համաժողովի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Ան նշած է, որ արդէն սահմանազատուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի մօտ 12 քմ հատուածը, եւ երկու կողմերուն սահմանապահ ծառայութիւնները տեղակայուած են սահմանի համապատասխան հատուածներուն մէջ:

«Հայաստանը միջազգայնօրէն ճանաչուած իր տարածքից դուրս յաւակնութիւններ չունի եւ պատրաստ է կառուցողական ու բուռն աշխատանք տանել սահմանազատման գործընթացը շարունակելու եւ կարճ ժամանակում խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ու ստորագրելու ուղղութեամբ»,- յայտնած է ան:

Ռուբինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը ոչ միայն պատրաստ է, այլեւ շահագրգռուած է միջազգային տարանցիկ երթուղիներու մաս դառնալու տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ճանապարհով: Ըստ Ռուբինեանի, կասկած չկայ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մեծ ենթակառուցուածքային նախագիծերը կրնան միաւորող գործօն դառնալ տարածաշրջանի երկիրներուն համար եւ ոչ միայն:

«Հարաւային Կովկասում փոխադրութեան երթուղիների վերականգնումը եւ բացումը պէտք է յանգեցնի տնտեսական յարաբերութիւնների համակարգի կայուն տարածաշրջանային ձեւի ձեւաւորման»,- ասել է Ռուբինյեանը:

Այս ծիրին մէջ ան նշած է, որ խաղաղութեան օրակարգի եւ տարածաշրջանային զարգացման հեռանկարի շրջանակին մէջ ՀՀ կառավարութիւնը մշակած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը, որ տարածաշրջանային բոլոր ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման նախագիծ է՝ հիմնուած երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգանքի, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ։

«Միաւորելով բոլոր կողմերի շահերը՝ մենք պատմական հնարաւորութիւն կ’ունենանք նախադրեալներ ստեղծելու տարածաշրջանի համագործակցութեան, փոխկախուածութեան եւ բարգաւաճման համար»,- ընդգծած է ԱԺ փոխնախագահը։

Ռուբինեան նշած է, որ Հայաստանը կողմ է քաղաքական երկխօսութեան առողջացման եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կայունութեան բարձրացման: Անոր խօսքով՝ Հայաստանը բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն միջեւ իրաւահաւասար եւ կառուցողական համագործակցութեան կողմնակից է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment